Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին յանձնարարութիւնները համաճարակի վերաբերեալ։

«Եթէ բոլորս, որպէս ազնիւ քաղաքացիներ. յարգենք իշխանութեան կողմէ որդեգրուած դրութիւնները այս մէկը պիտի օգնէ վերջ դնելու համաճարակին»։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 14 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ գլխաւորած հրապարակային ունկնդրութեան աւարտին  Սրբազան Պապը որ վարժութիւն ունի ունկնդրութեան աւարտին մօտենալ հաւատացեալներուն եւ զանոնք ողջունել ու անոնց հետ զրուցել  մօտէն  նախընտրեց հեռուէն բարեւել զանոնք յարգելու համար  Քովիտ19 համաճարակի տարածման կանխարգիլման ուղղութեամբ վերջին օրերուն որդեգրուած նոր որոշումները։

«Ես պիտի ուզէի ինչպէս ամէն անգամ վար իջնել ու ձեզի մօտենալ ձեզ ողջունելու համար սակայն ինչպէս կը պահանջեն դրութիւնները աւելի լաւ է յարգել ընկերային հեռաւորութիւնը։ Հիւանդներն ալ կ՛ողջունեմ այստեղէն՝ սրտովս», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով վարակումի վտանգին եւ  դիմակներու կրումին ու ընկերային հեռաւորութեան յարգանքին, «որպէսզիի ըսաւ ան կարելի ըլլայ շարունակել ունկնդրութիւնները»։

Սրբազան Պապը ներողամտութիւն խնդրեց հեռուէն ողջոյնի համար նկատել տալով ՝որ «եթէ բոլորս, որպէս ազնիւ քաղաքացիներ. յարգենք իշխանութեան կողմէ որդեգրուած դրութիւնները այս մէկը պիտի օգնէ վերջ դնելու համաճարակին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/10/2020, 14:00