Որոնել

«Գովեալ Ըլլաս» «Գովեալ Ըլլաս» 

Ֆրանչիսկոս Պապի պատգամը «EcoOne» միջազգային  հանդիպումի մասնակիցներուն։

Միջազգային հանդիպումին նիւթն է «Նոր ուղիներ դէպի համապարփակ բնապահպանութիւն,Գովեալ ըլլաս շրջաբերականէն հինգ տարի ետք։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապին «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականի 5-րդ տարեդարձին շրջագիծէն ներս, Ֆոքոլարինի եկեղեցական շարժումի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած է բնապահպանութեան միջազգային հանդիպում՝ «EcoOne» կարգախօսով։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ, ուրբաթ, հոկտեմբեր 23-ին, պատգամով մը ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ողջունեց նշեալ հանդիպումի մասնակիցները, իր երախտագիտութիւնը յայտնելով ձեռնարկը նախաձեռնող Ֆոքոլարինի շարժումին, ինչպէս նաեւ համագործակիցներուն, որոնց շարքին Վատիկանի Մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովը։

Նորին Սրբութիւնը ապա ընդհանուր անդրադարձ կատարեց միջազգային հանդիպումի նիւթին . «Նոր ուղիներ դէպի համապարփակ բնապահպանութիւն, Գովեալ ըլլաս շրջաբերականի հինգ տարի ետք։» 

«Հանդիպումի նիւթը կ՝ուրուագծէ մարդկութեան եւ աշխարհի հոգատարութեան նկատմամբ, նոր յարաբերականութեան տեսութիւնը,  սկսեալ տարբեր տեսանկիւններէն, բարոյական, գիտական, ընկերային, Աստուածաբանական։»  ըսաւ Սրբազան Հայրը ու աւեցուց «Յիշելով Chiara Lubich-ի այն համոզմունքը, որ աշխարհը իր մէջ միասնութեան շնորհապարգեւ կը պարունակէ, վստահ եմ, որ անոր այդ հեռանկարը կ՝ուղղորդէ ձեր աշխատանքը գիտակցելով, որ ամէն ինչ կապուած է, և պահանջը կայ շրջակայ միջավայրի նկատմամբ հոգատարութեան, որուն միացած է մարդու հանդէպ սէրն ու մշտական ​​նուիրուածութիւնը՝ հասարակութեան ի սպաս ։ Ըսաւ Սրբազան հայրը։

Ան ապա հասարակութեան խնդիրներու շարքին թուեց նոր եւ  ներառական ընկերային տնտեսական տիպարի մը անհրաժեշտութիւնը , որ լուսարձակ տակ կը դնէ այն ճշմարտութիւնը, որ է մէկ մարդկութիւն ՝իբրեւ  ճամբորդներ նոյն մարդկային մարմինէ պատրաստուած եւ իբրեւ մեզ բոլորս հիւրասիրող միեւնոյն երկրի զաւակներ։

Մեր եւ մեզ շրջապատող երկրին միջեւ զօրակցութիւնը կարիքը ունի՝ շօշափելի միջոցներ կառուցելու զօրաւոր կամքի,  որ կը նպաստէ բոլոր անձերուն արժանապատւութեան իրենց մարդկային , ընտանեկան, աշխատանքային յարաբերութիւններուն մէջ,  միաժամանակ պայքարելով աղքատութեան պատճառներուն դէմ, պաշտպանելու համար բնականմիջավայրը։ ըսաւ Նորին Սրբութիւնը նկատել տալով որ Համապարփակ բնապահպանութիւն ձեռք բերելու համար, պահանջ կայ ներքին դարձի, ըլլայ անձնական ըլլայ հասարակաց գետնի վրայ։

Նորին Սրբութիւն ապա յորդորեց, որ ներկայ մարտահրաւէրները դիմագրաւելու համար՝ ներառեալ կլիմայի փոփոխութեան հարցերը, կարիք կայ կայուն զարգացման եւ կրօններու նպաստին, յաղթահարելու համար շահագործութեան, անձնասիրութեան տրամաբանութիւնը, զարգացնելով պարզ, համեստ ապրելակերպ մը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը եզրափակեց պատգամը դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնելով Ֆոքոքլարինի շարժումի անդամներուն տածած աշխատանքերուն համար՝ ի սպաս համապարփակ բնապահպանութեան եւ աշխարհի եւ մարդկային ընտանիքին։

Նորին Սրբութիւնը  բոլորին վրայ հայցելով Աստուածային օրհնութիւնը՝ աղբիւր իմաստութեան, խաղաղութեան եւ զօրութեան խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2020, 15:00