Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը Հռոմի «Marianum» քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարանի ուսուցչական կազմին ու աշակերտներուն

Եկեղեցին կարիքը ունի մայրական իր սիրտը բացայայտելու, որ կը տրոփէ միութեան համար, անոր կարիքը ունի նաեւ մեր մոլորակ երկիրը , դառնալու համար իր բոլոր զաւակներուն տունը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 24 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը, Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճէն ներս ընդունեց, Հռոմի “Marianum” Քահանայապետական Աստուածաբանական համալսարանին ուսուցչական կազմն ու աշակերտները, Մարեմեան աստուածաբանութեան բաժանմունքի հիմնադրութեան 70 ամեակին առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Ողջոյնի խօսքին մէջ Սրբազան Հայրը նկատել տալով, որ նշեալ համալսարանի խնամակալութիւնը՝ հիմնադրութենէն ի վեր յանձնուած է Մարիամի Ծառաներուն մաղթեց, որ իւրաքանչիւր աշակերտ ու ուսուցիչ կարենայ  ծառայութիւնը ապրիլ Մարիամի տիպարին համաձայն։

Ան ապա հարց տալով եթէ այսօր՝ Մարեմաբանութիւնը կը ծառայէ աշխարհի եւ եկեղեցւոյ նշեց,  թէ Մարիամի դպրոց յաճախելը կը համապատասխանէ կեանքի եւ հաւատքի դպրոց յաճախելուն։ Մարիամ ուսուցչուհի է որովհետեւ լաւ առաքելուհի է եւ լաւ կ՝ուսուցանէ կեանքի եւ քրիստոնէութեան այբուբենը ։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա անդրադարձաւ Վատիկանեան Տիեզերական Ժողովին, նշելով որ Lumen gentium, փաստաթուղթը կը պարունակէ մարեմաբանութեան մասին ամբողջ եկեղեցւոյ վարդապետութիւնը։
Այնպէս ինչպէս Տիեզերական ժողովը եկեղեցւոյ գեղեցկութիւնը գտաւ, վերադառնալով աղբիւրներուն եւ վերացնելով եկեղեցւոյ վրայ դարերու հոլովոյթին կուտակուած փոշին այնպէս, Մարիամի հրաշալիքներ կարելի են լաւագոյն ձեւով բացայայտել երթալով անոր խորհուրդի սիրտը։ Հոն ի յայտ կու գան երկու տարրեր գրուած Սուրբ Գիրքին մէջ։  Ան մայր եւ կին է ։ ըսաւ Սրբազան հայրը։

Մայր։ Մարիամ  Եղիսաբեթը ճանչցաւ իբրեւ Տիրոջ մայրը։ Յիսուս խաչին վրայ Յովհաննէս առաքեալին ըսաւ ահա քու մայրդ։ Յիսուս փրկչագործութեան պահուն, մեզի տուաւ իր կեանքն ու սուրբ Հոգին, եւ չ՝ուզեց որ իր ծրագիրը վերջ գտնէ առանց որ մեզի փոխանցէ Մայրը, որովհետեւ կ՝ուզէ որ մեր կեանքի մէջ ընթանանք իր մօր հետ, մայրերու միջեւ լաւագոյնին հետ։ ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու աւեցուց, Եկեղեցին կարիքը ունի մայրական իր սիրտը բացայայտելու որ կը տրոփէ միութեան համար, անոր կարիքը ունի նաեւ մեր մոլորակ երկիրը , դառնալու համար իր բոլոր զաւակներուն տունը։
Տիրամայր այդ կը փափաքի, կ՝ուզէ նոր աշխարհ ծնիլ, ուր բոլորս եղբայրներ ենք, ուր տեղ կայ մեր հասարակութիւններու մէջ  իւրաքանչիւր մեկուսացեալին համար։

Il Marianum համալսարանը կանչուած է եղբայրական հաստատութիւն դառնալու, ոչ միայն ընտանեկան գեղեցիկ միջավայրի միջոցաւ այեւ  բանալով այլ հաստատութիւններուն հետ նոր գործակցութեան հնարաւորութիւններ որոնք կ՝օգնեն ընդլայնելու հորիզոններ եւ մնալու ժամանակի  քայլերու հետ։ Ըսաւ Սրբազան Հայրը

Մարիամ՝ կինը։  Նոր կտակարանի Մարիամաբանութեան ամենէն հին տուեալը կ՝ըսէ, թէ Փրկիչը ծնած է կինէ մը ։ Աւետարանին մէջ Մարիամ կին է, նոր Եւան է, որ Կանայի եւ գողգոթայի մէջ կը միջամտէ փրկութեան համար։
Ֆրանչիսկոս Պապ ապա խօսքը կեդրոնացնելով կնոջ դերակատարութեան վրայ, ըսաւ որ կնոջ դերակատարութիւնը էական է փրկութեան պատմութեան , եղեղեցւոյ եւ աշխարհին համար։
Կինը, որ Աստուած բերաւ աշխարհին մէջ  պէտք  որ է կարողանայ իր պարգեւներ փոխանցէ ։

Կարիքը կայ Մարիամին ոճին ։ Անոր կարիքը ունի Աստուածաբանութիւնը որպէսզի այս վերջինը  վերացական եւ հայեցողական չդառնայ այլ նուրբ, պատմողական  եւ կենսական։

Ֆրանչիսկոս Պապ պատգամը աւարտեց շնորհակալութիւն յայտնելով բոլորին իրենց կատարած աշխատանքին համար նամանաւանդ համաճարակի օրերուն, ուր կրթական գործունէութիւնը դիւրին չէ։  Շնորհելով իր առաքելական օրհնութիւնը Ֆրանչիսկոս Պապ խներեց, որ աղօթեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/10/2020, 11:25