Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Այսօր եւս Աստուած կը սպասէ իր այգիին պտուղները, իր տան մէջ աշխատող այգեպաններէն»։

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուցած ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին խորհդածութիւնը կապուած օրուան աւետարանին, ուր կը խօսուի ոճրագործ այգեպաններու առակին մասին։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Կիրակի, հոկտեմբեր 4-ին, կէսօրին, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ համախմբուած բազմաթիւ հաւատացեալներուն ներկայութեան, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը առաքելական պալատին իր գրասենեակին պատուհանէն նախ քան կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքը արտասանելը  ներկայացուց խորհրդածութիւն մը կապուած օրուան աւետարանին, ուր կը խօսուի ոճրագործ այգեպաններուն Յիսուսի պատմած առակին մասին։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը խորհրդածութեան մէջ ըսաւ «Յիսուս նախատեսելով իր մահն ու չարչարանքները, ոճրագործ այգեպաններուն առակը պատմեց,  զգուշացնելու  համար ժողովուրդին տարեցներն ու քահանայապետները, անոնց բռնած սխալ ճամբայէն։ Արդարեւ անոնք վատ մտադրութիւններ ունէին Յիսուսի նկատմամբ եւ կը փնտռէին զայն վերացնելու միջոցը։ Առակին  պատմութիւնը կը նկարագրէ հողատէր մը, որ իր այգիին հոգ տանելէ ետք, ստիպուած կը զգայ մեկնելու,  այգին կը յանձնէ այգեպաններուն։

Երբ պտուղին ժամանակը եղաւ, հողատէրը  այգեպաններուն ծառաներ ղրկեց բերքերը առնելու համար, սակայն այգեպանները  ծառաները բռնելով, մին չարչարեցին , երկրորդը սպանեցին ։ Հողատէրը ուրիշ աւելի մեծ թիւով ծառաները ղրկեց։ Սակայն  անոնց ալ նոյնը ըրին։ Ի վերջոյ հողատէրը իր որդին կը ղրկէ,  այգեպանները չյարգեցին զայն, ընդհակառակը մտածեցին,  որ սպաննելով հողատէրին զաւակը պիտի կարենան այգիին տէրը դառնալ եւ այսպէսով կը սպանեն։

Այգիին պատկերը կը ներկայացնէ Յիսուսի ընտրած ժողովուրդը որուն հոգ տարաւ ։  հողատէրին  կողմէ ղրկուած ծառաները Աստուծոյ կողմէ ղրկուած մարգարէներն են։ Մինչ Հողատէրին որդին որդին, Յիսուսի դիմագիծն է։ Եւ այնպպէս ինչպէս մարգարէները մերժուեցան նոյնպէս նաեւ Քրիստոս մերժուեցաւ ու սպաննուեցաւ։.
Առակի աւարտին  Յիսուսի հարց տուաւ քահանայապետերուն ըսելով. արդ երբ վերադառնայ այգիին տէրը, ի՞նչ պիտի ընէ այդ այգեպաններուն։  Անոնք պատասխանեցին, չարերը չարաչար պիտի պատժէ, եւ այգին պիտի  յանձնէ այլ այգեպաններուն, որոնք պտուղները ժամանակի իրեն պիտի ղրկեն։

Այս ծանր առակով,  Յիսուս իր  զրուցակիցները կը դնէ պատասխանատուութեան առջեւ եւ այդ կ՝ընէ ծայրայեղ յստակութեամբ։ Սակայն չմտածենք,  որ այր  կանխազգուշացումը կը վերաբերի միայն անոնց որոնք Յիսուսը մերժեցին։ Այդ ի զօրու է ամէն ժամանակուան, նաեւ մեր ժամանակուան համար։ Այսօր եւս Աստուած կը սպասէ իր այգիին պտուղները, անոնցմէ որոնց առաքեց իր տան մէջ աշխատելու։

Իւրաքանչիւր դարաշրջանին,  անոնք որոնք իշխանութիւն ունեցան Աստուծոյ ժողովուրդին մէջ , ենթակայ են իրենց սեփական շահերու  մասին մտածելու փորձութեան, եւ ոչ թէ Աստուծոյ շահերուն։ Սակայն այգին  Տիրոջ կը պատկանի եւ ոչ թէ մեզի։ Իշխանութիւնը ծառայութիւն է, այնպէս ինչպէս որ է,  պէտք է որ  իշխանութիւնը կիրարկուի բոլորին բարիքին եւ աւետարանումի տարածումին համար։

Սուրբ Պօղոս այսօրուան ընթերցուածին մէջ մեզի կ՝ըսէ թէ ինչպէս բարի այգեպաննպերը կրնանք դառնայ տիրոջ այգիին մէջ . «այն ինչ որ ճշմարիտ է, վեհ, արդար, սուրբ, սիրելի, եւ պատուական,  ինչ որ բարի է առաքինութեան մէջ եւ արժանի է գովասանքի եւ դուք անիկա կատարեցիք ձեր առօրեայ կեանքի մէջ։» (Փիլիպեցիներուն 4, 8)

Այսպիսով պիտի դառնանք, սրբութեամբ միշտ աւելի հարուստ եկեղեցի մը,  պիտի փառաբանենք Հայրը որ մեզ կը սիրէ անսահման քնքշութեամբ, պիտի փառաբանենք Որդին բր կը շարունակէ մեզի փրկութիւն պարգեւել, պիտի փառափանենք Սուրբ Հոգին որ մեր սիրտը կը բանայ եւ մեզ կը մղէ դէպի բարիին լիութեան։ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան մէջ որուն աւարտին հրաւիրեց հաւատացեալները դիմելու սուրբ Կոյս Մարիամին եւ հոգեպէս միանալով Փոմփէի սրբավայրին մէջ հաւաքուած հաւատացեալներուն աղերսին եւ հոկտեմբեր ամսուան մէջ վերանորոգելու վարդարանը աղօթելու յանձնառութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2020, 12:08