Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանիայի կառավարութեան նախագահին։
Վատիկան Նիուզ
Շաբաթ 24 հոկտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Պապը, առաքելական պալատէն ներս ունկնդրութիւն շնորհեց Սպանիայի կառավարութեան նախագահ Տիար Փետրօ Սանչես Փերես-Քասթէյոնին, որ ապա հանդիպում ունեցաւ նաեւ Գերապայծառ Փոլ Կալլակէրի հետ Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղարը։
Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակը, որ կը տեղեկացնէ նաեւ թէ Պետական Քարտուղարութեան մէջ տեղի ունեցած զրոյցներու ընթացքին շեշտը դրուեցաւ երկկողմանի յարաբերութիւններու վրայ ու կողմերը հետաքրքրող հարցերու շուրջ։ Այս ծիրէն ներս ընդգծուեցաւ նաեւ տեղական Եկեղեցւոյ եւ Իշխանութիւններու միջեւ երկխօսութեան կարեւորութիւնը։
Զրոյցներու ընթացին շեշտը ակնարկուեցաւ նաեւ միջազգային հարցերու հայող նիւթերու, որոնց շարքին առողջապահական տագնապը եւ եւրոպական ընդելուզման գործընթացին ու գաղթականութիւնը։