Որոնել

Սուրբ Վարդարանի աղօթքը Սուրբ Վարդարանի աղօթքը  

Քահանայապետը հրաւիրեց վերագտնել Սուրբ Վարդարանի աղօթքի գեղեցկութիւնը։

Վարդարանի աղօթքը դարեր շարունակ սնուցեց քրիստոնեայ ժողովուրդին հաւատքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հոկտեմբերի 7-ին տիեզերական եկեղեցին կը յիշատակէ Վարդարանի Տիրամօր ծիսական տօնը մինչ հոկտեմբեր ամիսը նուիրուած է Սուրբ Վարդարանի աղօթքին։

7 հոկտեմբերի չորեքշաբթիի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութեան աւարտին, որ կլիմայական կացութեան բերումով տեղի ունեցաւ Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ, Սրբազան Քահանայապետը ողջունելով ունկնդրութեան մասնակցող հաւատացեալները ու յիշելով Վարդարանի Տիրամօր տօնը, հրաւիրեց բոլորը՝ վերագտնելու- յատկապէս այս հոկտեմբեր ամսուայ ընթացքին - Վարդարանի աղօթքի գեղեցկութիւնը՝ որ «դարեր շարունակ սնուցեց քրիստոնեայ 

ժողովուրդին հաւատքը» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը,  յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղելով հիւանդներուն, տարեցներուն, երիտասարդներուն եւ նորապսակներուն ու զանոնք յանձնելով Քրիստոսի ու մեր Մայր՝ Սուրբ Կողս Մարիամի հովանիին, որպէսզի իւրաքանչիւրը դառնայ Քրիստոսի սիրոյն ուրախ վկան։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/10/2020, 10:31