Որոնել

Քահանայապետը ընդունեց Միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահը։ Քահանայապետը ընդունեց Միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահը։  

Քահանայապետը ընդունեց Միջազգային Կարմիր Խաչի նախագահը։

19 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը ունկնդրութիւն շնորհեց Տիար Փիթըր Մորէրին որ ապա հանդիպում ունեցաւ Վատիկանի Պետքարտուղարին հետ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երկուշաբթի 19 հոկտեմբերին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ունկնդրութիւն շնորհեց Կարմիր Խաչի Միջազգային Կոմիտէի նախագահ՝ Տիար Փիթըր Մորէրին որ Վատիկանի Հաղորդակցութեան միջոցներուն հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին ընդգծեց Կարմիր խաչի և Սուրբ Աթոռի միջև հայեացքներու, արժէքներու և ձգտումներու մերձեցումը , յատկապէս պատերազմի  եւ բռնութիւններու զոհերուն աջակցութեան գործին մէջ։

Մորէրը ապա ի յայտ դրաւ Քահանայապետի հետ միատեղ տեսակէտը որ կը կայանայ կամուրջներ կառուցելու մէջ, որպէսզի կարելի ըլլայ իրականացնել միշտ աւելիով ներառող ընկերութիւն մը։

Բաժանումները, ըսաւ Ան, այնքան ցաւալի են իրենց հետեւանքներով խաղաղ բնակչութեան, անապահով խաւերու, պատերազմներու և բռնութիւններու  արդիւնքով տեղահանուած գաղթականներու համար, զէնքի մրցավազքէն, կլիմայի փոփոխութիւններէն, թերզարգացումէն, կղզիացումէն, աղքատութենէն  եւ անարդարութենէն տուժած մարդոց համար»:

Ան ապա մատնանշեց թէ Քահանայապետին  շրջաբերականի “Fratelli tutti” տիտղոսը կարելի է նկատել Միջազգային Կարմիր Խաչի կարգախօսը։

Կարմիր Խաչի նախագահի հետ ամբողջական հարցազրոյցը կարելի է գտնել այլ լեզուներով Վատիկան Նիուզի եւ Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2020, 08:08