Ֆրանչիսկոս Պապ.«կարդինալ Ֆերնանտեսը Մալազիոյ եկեղեցւոյ հաւատարիմ վկան»։
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Ոչ եւս է Քուալա Լամփուրի թեմի առաջին կարդինալը, ծիրանաւոր Անթոնի Սոթեր ֆերնանտեսը։ Այս առթիւ, ուրբաթ, 30 հոկտեմբերին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապ ցաւակցական գիր յղեց Քուալա Լումփուր թեմի Արքեպիս. Julian Leow Beng Kim-ին, որուն մէջ յիշեց Մալեզիոյ եկեղեցւոյ համար երջանկայիշատակ ծիրանաւորին առատաձեռն ծառայութիւնը։
Ցաւակցական գիրին մէջ Սրբազան Հայրը գրեց.
«Տխրութեամբ տեղեկացայ Կարդինալ Անթոնի Սոդեր Ֆերնադեսի մահուան մասին։ Սրտանց ցաւակցութիւններս կը յայտնեմ ձեզի եւ Կուալա Լումփուրին արքեպիսկոպոսութեան, հոգեւորականներուն, եւ աշխարհականներուն։»
Շնորհակալութիւն յայտնելով Կարդինալ Ֆերնանեդսի՝ «Աւետարանի հաւատարիմ վկային, Մալազիոյ եկեղեցւոյ մատուցած անոր առատաձեռն ծառայութեան եւ համամիութեան ինչպէս նաեւ միջ կրօնական երկխօսութեան խթանման երկար տարիներուն նուիրուածութեան համար» , Ֆրանչսկոսս Պապ իր աղօթքը ապահովեցուց ծիրանաւորի յաւիտենական Հանգստեան համար իր առաքելական օրհնութիւնները տալով կարդինալ ֆերնատեսսի մահը ողբացողներուն։
Յայտնենք, թէ կարդինալ Ֆերնանտեսի յուղարկաւորութեան արարողութիւնը տեղի պիտի ունենայ շաբաթ, 31 հոկտեմբերին, առաւօտեան ժամը 10:30ին, Քուալա Լամփուրի մայր տաճարէն ներս։