Որոնել

Վատիկանի գերեզմանատունը Վատիկանի գերեզմանատունը 

2 Նոյեմբերին Ֆրնաչիսկոս Պապը «Teutonico» գերեզմանատան մէջ պիտի յիշատակէ ննջեցեալները։

Օր մեռելոցի առթիւ Քահանայապետը 2 նոյեմբերն Վատիկանի «Teutonico» գերեզմանատան մէջ պիտի մատուցէ Սուրբ պատարագ ննջեցեալներու հոգւոյն հանգստեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Քովիտ19 համաճարկի պատճառաւ առողջութեան ապահովութեան ուղիով որդեգրուած որոշումները կը յատկանշեն Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորելիք յառաջիկայ արարողութիւններու ընթացքը։

Երկուշաբթի՝ 2 նոյեմբերին, լատին եկեղեցւոյ մօտ օր մեռելոցի առթիւ Քահանայապետը Վատիկանի «Campo Santo Teutonico» գերեզմանատան մէջ յետմիջօրէի ժամը 4-ին պատարագ պիտի մատուցէ առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։ Արարողութեան աւարտին ան պիտի այցելէ նաեւ Վատիկանի քարայրները ուր պահպանուած են Քահանայապետերու աճիւնները այնտեղ եւս աղօթելու իր նախորդներուն հոգւոյն հանգստեան համար։

Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը նշելով նաեւ՝ թէ Հինգշաբթի 5 նոյեմբերին Սրբազան Քահանայապետը Վատիկանի Պազիլիքայի կեդրոնական խորանին վրայ պիտի մատուցէ այլ պատարագ ի հոգւոյն հանգստեան տարւոյն ընթացքին ննջեցեալ կարդինալներուն եւ եպիսկոպոսներուն։ Այս պատարագին ու յաջորդ վեց ամիսներուն նախատեսուած արարողութիւններու ընթացքին կարելի պիտի ըլլայ փոքր թիւով հաւատացեալներու մասնակցութիւնը, պահպանելով առողջապահական անվտանգութեան հայող դրութիւնները, եեւ նկատի առնելով առողջական իրավիճակի  փոփոխութիւնները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/10/2020, 16:31