Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը յայտարարեց 13 նոր կարդինալներու ստեղծումը։

Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց նաեւ աղօթել Նիճերիոյ մէջ խաղաղութեան հաստատման համար։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած  Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Պապը ողջունելով հրապարակ ժամանած ուխտաւորները որոնց շարքին նաեւ Հայաստանի հանրապետութեան դրօշը ծածանող խումբ մը հայ ուխտաւորներ, նշեց թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի Նիճերիայէն հասնող բախումներու մասին լուրերուն ու հաւատացեալները հրաւիրեց աղօթելու Տիրոջ՝ որպէսզի միշտ խուսափինք բռնութիւններէն ու դիմենք ընկերային ներդաշնակութեան՝ արդարութեան եւ հասարակաց բարիքի խթանումին ուղիով։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց ապա հրապարակը համախմբուած ուխտաւորներու խումբերը հուսկ յայտարարեց  թէ յառաջիկայ 28 նոյեմբերին՝ յիսնակացի առաջին կիրակիի նախօրեակին, պիտի գումարէ յատուկ Կարդինալական ժողով՝ որուն ընթացքին պիտի ստեղծէ 13 նոր Կարդինալներ յանձինս.

Գերապայծառ Մարիօ Կրէքին՝ Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար.

Գերապայծառ Մարչելլօ Սեմերարոյին, Սուրբերու Դատի Ժողովի կառավարիչ

Գերապայծառ Անթուան Քամպանտային, Ռուանտայի Քիկալի թեմին Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ Ուիլթոն Կրէկորիին, Ուաշինկթընի Արքեպիսկոպոս

Գերապայծառ  Խօսէ Ատվինքուլային՝ Ֆիլիփինի Քափիզ թեմին Արքեպիսկոպոս

Գերապայծառ  Չելեսթինօ Աուս Պրաքօ՝ Չիլէլի Սանդիակոյի Արքեպիսկոպոս։

Գերապայծառ  Քորնելիոս Սիմ՝ Պրունէյի Քուալա Լումփուրի մօտ առաքելական փոխնորդդ

 Գերապայծառ   Աուկուսթօ Փաոլօ Լոյուտիչէ՝ Սիենայ – Քոլլէ Վալ Տ՛ըելսա – Մոնթալչինօ թեմին արքեպիսկոպոս։

Եղբայր Մաուրօ Կամպեթթի՝ Ասսիզիի Ֆրանչիսկոս Հասարակութեան Պահակ։

Անոնց հետ միասին, ըսաւ ապա Սրբազան Պապը, Կարդինալական դասին կը միանան նաեւ.

Գերապայծառ  Արիզմենտի Էսքիվալ՝ Մեքսիքոյի Սան Քրիսթոպալ Տէ Լաս Քազաս թեմին վաստակաւոր եպիսկոպոս,

Գերապայծառ Սիլվանօ Թոմմազի՝ առաքելական նուիրակ-

Հայր Ռանիերօ Քանթալամեսսանն Քահանայապետական Տան Քարոզիչը

Գերապայծառ  Էնրիքօ Ֆերոչի՝ Քասթել Լեվայի «Աստուածային սիրոյ Սրբուհի Մարիամ» ժողովրդապետութեան ժողովրդապետ

«Աղօթենք նոր կարդինալներուն համար, որպէսզի հաստատելով իրենց հակումը Քրիստոսին ինծի օգնեն իմ Հռոմի եպիսկոպոսի առաքելութեանս մէջ, համայն Աստուծոյ հաւատացեալ Ժողովուրդի բարիքին համար» ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով ներկաներէն ու խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2020, 12:26