Որոնել

Նիսի Նոթր Տամ եկեղեցին Նիսի Նոթր Տամ եկեղեցին 

Ֆրանչիսկոս Պապին ցաւը եւ աղօթքը Նիս քաղաքի մէջ ահաբեկչական արարքին ի լուր։

Քահանայապետը կ՛աղօթէ զոհերուն ու անոնց հարազատներուն համար, որպէսզի դադրի բռնութիւնը, որպէսզի վերադառնանք իրար նայելու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր եւ ոչ որպէս թշնամիներ, եւ որպէսզի սիրել Ֆրանսացի ժողովուրդը կարողանայ միասնականութեամբ՝ բարիքով արձագանգել չարին»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Ցաւի պահ է, շփոթութեան ժամանակահատուած։ Ահաբեկչութիւնն ու բռնութիւնը երբեք ընդունելի չեն։ Այսօրուան յարձակումը մահ սերմանեց սիրոյ եւ մխիթարութեան վայրի մը մէջ, որ է Տիրոջ տունը։ Ֆրանչիսկոս Պապը տեղեակ է կացութենէն եւ մօտիկ է սուգի մէջ գտնուող կաթողիկէ հասարակութեան։ Կ՛աղօթէ զոհերուն ու անոնց հարազատներուն համար, որպէսզի դադրի բռնութիւնը, որպէսզի վերադառնանք իրար նայելու որպէս եղբայրներ եւ քոյրեր եւ ոչ որպէս թշնամիներ, եւ որպէսզի սիրել Ֆրանսացի ժողովուրդը կարողանայ միասնականութեամբ՝ բարիքով արձագանգել չարին»։ Այս է Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունիի յայտարարութիւնը զոր ան կատարեց Նիսի Նոթր Տամ Եկեղեցւոյ մէջ գործադրուած ահաբեկչական արարքին ի լուր, որուն զոհ դարձան երեք հաւատացեալներ։

Աւելի ուշ Նորին Սրբութեան Քահանայապետական Թուիթըրեան կայքին վրայ հրապարակուեցաւ հետեւեալ գրութիւնը։

Մօտիկ եմ Նիսի կաթողիկէ հասարակութեան, որ սուգի մէջ է աղօթքի եւ մխիթարութեան վայրի մը մէջ մահ սերմանող յարձակումին համար։ Կ՛աղօթեմ զոհերուն, անոնց ընտանիքներուն ու սիրելի Ֆրանսացի ժողովուրդին համար, որպէսզի կարենայ բարիով արձագանգել չարին։

Նշենք նաեւ թէ Ֆրանչիսկոս Պապը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութեամբ ցաւակցագիր մը յղեց Նիսի եպիսկոպոսին որուն մէջ «վայրագ» նկատելով Եկեղեցւոյ մէջ գործադրուած ահաբեկչական արարքը, յայտնեց իր աղօթքի միութիւնը ու կիսեց զոհուածներու ընտանեկան պարագաներուն վիշտը խնդրելով Տիրոջ մխիթարութիւնը ու գոհերուն համար ողորմութիւն։

«Սրբազան Քահանայապետը խստօրէն կը դատապարտէ ահաբեկչութեան նման բռնի գործողութիւնները ՝ ան իր մօտիկութիւնը կը վստահեցնէ Ֆրանսայի կաթողիկէ համայնքին ու համայն Ֆրանսացիներուն, որոնց կոչ կ՛ուղղէ միասնութեան» գրեց Կարդինալ Փարոլինը հեռագիրին մէջ, որուն աւարտին համայն Ֆրանսան  վստահեցուց «Նոթր-Տամի» պաշտպանութեան ու բոլորին ուղղեց Քահանայապետին առաքելական օրհնութիւնները։
 

29.10.2020 - 14.19

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/10/2020, 13:18