Որոնել

Հռոմի Խաղաղութեան միջկրօնական հանդիպում Հռոմի Խաղաղութեան միջկրօնական հանդիպում 

Հռոմի Խաղաղութեան միջկրօնական հանդիպումին Խաղաղութեան կոչը։

Ժամն է քաջութեամբ երազելու թէ խաղաղութիւնը կարելի է, թէ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, թէ առանց պատերազմի աշխարհ մը ցնորք մը չէ
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Համախմբուած Հռոմի մէջ Ասսիզիի ոգիով հոգեպէս միացած աշխարհի բոլոր  հաւատացեալներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն, աղօթեցինք միասին մէկը միւսին մօտ, այս մեր աշխարհին համար հայցելու խաղաղութեան պարգեւը։ Յիշեցինք մարդկութեան վէրքերը, մեր սրտին մէջ կը կրենք բազմաթիւ տառապողներուն լռելեան աղօթքը, որոնք յաճախ առանց անունի եւ առանց ձայնի են։ Ասոր համար յանձնառու ենք ապրելու եւ հանդիսաւոր կերպով Պետութիւններու պատասխանատուներուն եւ աշխարհի քաղաքացիներուն առաջարկելու այս Խաղաղութեան Պատգամը».  Այսպէս կը սկսի Խաղաղութեան կոչը, զոր հրապարակուեցաւ Հռոմի քաղաքապետարանի «Campidoglio» հրապարակին վրայ, Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան նախաձեռնութեամբ 20 հոկտեմբեր 2020ին կայացած «Խաղաղութեան Հանդիպումի» աւարտին։

«Campidoglio» հրապարակին վրայ է, որ համաշխարհային պատերազմի աւարտին կնքուեցաւ դաշինքը, որ ծնունդ տուաւ երազի մը՝ Միացած Եւրոպան։

«Այսօր անորոշութեան այս ժամանակահատուածին մէջ ու ցնցուած Քովիտ 19 համաճարակի հետեւանքներէն, որ կը սպառնայ խաղաղութեան, աճեցնելով անհաւասարութիւնն ու վախերը, ուժեղ կերպով կ՛ըսենք. «ոչ մէկը կարող է փրկուիլ առանցին, ոչ մէկ ազգ, ոչ մէկը», նշուած է Խաղաղութեան Կոչին մէջ, ուր կոչ կ՛ուղղուի նաեւ միասին աղօթելու Ամենաբարձրեալին, որպէսզի այս փորձանքի ժամանակի աւարտին այլեւս «ուրիշներ» չըլլան, այլ գոյանայ հսկայական «մենք» մը,  հարուստ տարբերութիւններով։

«Ժամն է քաջութեամբ երազելու, թէ խաղաղութիւնը կարելի է, թէ խաղաղութիւնը անհրաժեշտ է, թէ առանց  պատերազմի աշխարհ մը ցնորք մը չէ։ Ասոր համար կ՛ուզենք անգամ մը եւս ըսել. «Ոչ երբեք պատերազմ» շեշտուած է միշտ Խաղաղութեան կոչին մէջ, ուր կը հաստատուի թէ պատերազմը քաղաքականութեան եւ մարդկութեան ձախողութիւնն է։

«Կոչ կ՛ուղղենք կառավարիչներուն, որպէսզի մերժեն բաժանումի լեզուն, որուն յաճախ կ՛աջակցի վախի եւ անվստահութեան զգացումը….Միասին նայինք զոհերուն, շատ են անոնք ու շատ են նաեւ բաց հակառակամարտութիւնները։ Միասին աշխատինք խաղաղութեան նոր ճարտարապետութեան մը համար։ Միացնենք մեր ուժերը կեանքի, առողջութեան, կրթութեան ու խաղաղութեան համար։ Ժամանակը եկած է զէնքի արտադրութեան համար օգտագործուած միջոցները գործածել ընտրելու համար կեանքը, ու բուժել մարդկութիւնը եւ մեր հասարակաց տունը։

«Ժամանակ չի կորսնցնենք։ Սկսինք իրագործելի նպատակներէն, այսօրուընէ միացնենք մեր ուժերը՝ սահմանելու ժահրի տարածումը, մինչեւ այն ժամանակ որ ձեռք չի փերուի պատուաստանիւթ մը, որ հասանելի ըլլայ բոլորին»։

«Այս համաճարակը մեզի յիշեցնել կու տայ թէ բոլորս արեան եղբայրներ եւ քոյրեր ենք»։

«Բոլոր հաւատացեալներուն եւ բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն կ՛ըսենք. ստեղծագործութեամբ դառնանք խաղաղութեան արհեստաւորներ, կառուցենք ընկերային բարեկամութիւնն, մերը դարձնենք  երկխօսութեան մշակոյթը»։

«Բոլորս ալ համապատասխանատու ենք։ Բոլորս կարիքը ունինք ներելու եւ ներուելու։ Աշխարհի եւ պատմութեան անարդարութիւնները կը բուժուին ոչ թէ ատելութեամբ ու ոխով այլ երկխօսութեամբ եւ ներումով»։

«Թող Աստուած մեզի բոլորիս ներշնչէ սոյն իտէալները ու մեր այս ուղեւորութիւնը, ձևաւորելով իւրաքանչիւրիս սրտերը և մեզ  դարձնելով խաղաղութեան պատգամաւորներ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2020, 18:41