Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին "Fratelli tutti" շրջաբերականը Ֆրանչիսկոս Պապին "Fratelli tutti" շրջաբերականը 

«Եղբայրութիւնը եւ արարչութեան խնամքը խաղաղութեան եւ զարգացումի միակ ճանապարհ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի աւարտին Սրբազան Պապը խօսեցաւ “Fratelli Tutti” շրջաբերականի մասին ու յիշեց Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամները եւ Հայր Օրինթօ Մարելլայի երանացումը։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 հոկտեմբեր 2020-ի կէսօրին, առաքելական պալատի իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Պապը յիշեց Ասսիզիի մէջ՝ շաբաթ 3 հոկտեմբերին ստորագրած “Fratelli tutti”  շրջաբերականը։

Ունկնդրէ լուրը

«Զայն նուիրեցի Աստուծոյ, Սուրբ Ֆրանչիսկոսի դամբանին վրայ, որմէ ներշնչում քաղեցի, նման նախկին շրջաբերականին՝ «Գովեալ ըլլաս»ին, ըսաւ Սրբազան Պապը աւելցնելով, որ «ժամանակներու նշանները մեզի ցոյց կու տան թէ մարդկային եղբայրութիւնը եւ արարչութեան խնամքը կը կազմեն միակ ուղին դէպի համապարփակ զարգացում եւ խաղաղութիւն, զոր մատնանշուած է Սուրբ Քահանայապետեր՝  Յովհաննէս ԻԳ, Պօղոս Զ եւ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի կողմէ։

Օսսերվաթորէ Ռոմանօ թերթին բաշխումը
Օսսերվաթորէ Ռոմանօ թերթին բաշխումը

Շրջաբերականը ձրի բաժնուեցաւ Ս. Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած  ուխտաւորներուն,  Օսսերվաթորէ Ռոմանօ օրաթերթի բացառիկ մէկ թիւով։

«Այս հրատարակութեամբ կը վերսկսի թերթին թղթային ամենօրեայ հրատարակութիւնը» ըսաւ Սրբազան Պապը, ապա հայցեց, որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսը ընկերանայ եկեղեցւոյ մէջ, բոլոր կրօններու  հաւատացեալներու միջեւ ու ժողովուրդներու միջեւ եղբայրութեան ուղիին։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ՝ թէ այսօր (4 հոկտեմբերին) կ՛աւարտի «արարչագործութեան Ժամանակը» որ սկիզբ առած էր անցեալ մէկ սեպտեմբերին։

«Մենք տօնախմբեցինք «Երկրին Յոբելեանը» այլ քրիստոնեայ եկեղեցիներու մեր եղբայրներուն հետ միասին», ըսաւ Ան ողջունելով կլիմայի ի նպաստ կաթողիկէ համաշխարհային շարժումը ու “laudato sì” ակումբները ու բոլոր ընկերակցութիւնները, որոնք յանձնառու են համապարփակ բնապահպանութեան ուղղութեամբ։

Սրբազան Պապը հուսկ յատուկ ողջոյնի խօսք ուղղեց Քահանայապետական Զուիցերական պահակագունդի նոր անդամներու ընտանիքներուն, որոնք Հռոմ ժամանած են մասնակցելու երդման արարողութեան։ «Այս երիտասարդները, ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ, ազնիւ են։ Զուիցերական Պահակագունդը  կեանքի ուղևորութիւն կը կատարէ ի ծառայութիւն Եկեղեցւոյ եւ Քահանայապետին։  Անոնք բարի տղաներ են, որոնք այստեղ կու գան երկու, երեք չորս եւ աւելի տարիներ։ Ձեզմէ կը խնդրեմ անոնց համար ջերմ ծափահարութիւն»։

Քահանայապետը  յիշեց նաեւ Պոլոնիա քաղաքի մէջ  խորաններու պատուոյն արժանացող Հայր Օրինթօ Մարելլան որ եղաւ աղքատներու հայր ու տկարներուն պաշտպան։ «Անոր բացառիկ վկայութիւնը ըլլայ տիպար բազմաթիւ քահանաներուն որոնք կանչուած են ըլլալու հեզ եւ արի ծառաները Աստուծոյ ժողովուրդին» մաղթանք յայտնեց Նորին Սրբութիւնը եւ վերջապէս ակնարկեց "Stella Maris – Աստղ Ծովու" գործունէութեան 100 ամեակին, քաջալերելով մատրանապետներն ու կամաւորները ուրախութեամբ վկայելու եկեղեցւոյ ներկայութիւնը նաւահանգիստներու, ծովայիններու, ձկնորսներու եւ անոնց ընտանիքներու միջեւ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/10/2020, 13:21