Որոնել

«Աշխարհը այսօր բոցավառ ծարաւն ունի խաղաղութեան». Ֆրանչիսկոս Պապը «Խաղաղութեան համար միջ-կրօնական աղօթքի» հանդիպումին։

Այսօրուայ հանդիպումը կրօնական ղեկավարներն ու բոլոր հաւատացեալները կը մղէ յարատեւօրէն աղօթելու, երբեք չյանձնուելու պատերազմի, եւ գործելու հաւատքի հեզ ուժով ՝ վերջ դնելու համար հակամարտութիւններուն:

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Երեքշաբթի 20 հոկտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր մասնակցութիւնը բերաւ Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան կազմակերպած Ասսիզիի ոգիով ամէնամեայ աղօթքի հանդիպումին, որ այս տարի տեղի ունեցաւ Հռոմի մէջ, որպէս բնաբան ունենալով «Ոչ մէկը կը փրկուի առանձին. Խաղաղութիւն եւ եղբայրութիւն»։

Ունկնդրէ լուրը

Հաւաքին իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ Կ. Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքը, քոյր քրիստոնեայ եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ, եւ հրեայ, իսլամ, ու պուտտիստ կրօններու ներկայացուցիչներ, ինչպէս նաեւ քաղաքական ու դիւանագիտական մարմնի պատկան անդամներ, որոնց շարքին էր նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած ՀՀ դեսպանը՝ Վսեմաշուք Տիար Կարէն Նազարեանը։

«Santa Maria in Ara Coeli» Պազիլիքային մէջ կայացած աղօթքի հանդիպումէն ետք, Հռոմի Քաղաքապետականի  «Campidoglio» հրապարակին վրայ տեղի ունեցաւ խաղաղութեան նուիրուած յատուկ արարողութիւն, որուն առթիւ խօսք առին Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիրը՝ Տիար Անտրէա Ռիքքարտին, Իտալիոյ Հանրապետութեան նախագահ Տիար Սերճօ Մաթթարելլան, Բարթողոմէոս Ա, Ֆրանսայի Րաբունապետ Հայիմ Քորսիան, Մարդկային Եղբայրութեան Բարձրագոյն կոմիտէի ընդհանուր քարտուղարը  Մուհամմէտ Ապտելսալամ Ապտելլաթիֆը եւ Պուտիստ Շոթէն Մինեկիզին եւ ի վերջոյ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, որ այս առթիւ ուղղած իր ճառին մէջ, նախ գոհունակութիւն եւ գոհաբանութիւն  յայտնեց  Աստուծոյ, Հռոմի սրտին մէջ կրօնական ղեկավարներուն եւ խաղաղութեան բարեկամներուն հետ սոյն հանդիպումի կարելիութեան համար։

Նորին Սրբութիւնը ողջունեց նաեւ Իտալիոյ հանրապետութեան նախագահն ու յատուկէն շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն ջանացին Հռոմ ժամանել ու մասնակցիլ այս հաւաքին ու մատնանշեց Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան ձեռնարկին որ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ 1986-ին Ասսիզիի մէջ կազմակերպած միջկրօնական պատմական հաւաքին հոգիով կը շարունակէ ամէն տարի քաղաքէ քաղաք, տօնախմբել այդ վասն խաղաղութեան աղօթքի եւ երկխօսութեան իրադարձութիւնը։

Սրբազան Պապը հուսկ նշեց թէ հակառակ որ տակաւին կը շարունակուին ցաւալի իրադարձութիւնները, դէպի ետեւ ակնարկ մը կատարելով  «կը տեսնենք թէ այդ օրէն ի վեր հասունցան  նաեւ բազմաթիւ քայլեր, խաղաղութեան արարքներ եւ եղբայրութեան նոր մտորումներ», որոնց եզրակացութիւնը եղաւ «Համաշխարհային խաղաղութեան եւ միասնական համակեցութեան Եղբայրութեան փաստաթուղթը» զոր Ան ստորագրեց 2019-ին Ալ Ազհարի Աւագ Իմամ Ահմատ Ալ Թայըպին հետ միասին։

«Խաղաղութեան պատուիրանը դրոշմուած է կրօններու աւանդութիւններու սրտին մէջ» հաստատեց հուսկ Սրբազան Պապը, դիտել տալով՝ «թէ մեկնելով իւրաքանչիւր կրօնական հաւատքէն կարելի է դառնալ խաղաղութեան արհեստաւորներ տրուած ըլլալով որ կրօնները եղած են ի սպաս՝ խաղաղութեան եւ եղբայրութեան ծառայութեան»։

«Ասոր համար այսօրուայ հանդիպումը կրօնական ղեկավարներն ու բոլոր հաւատացեալները կը մղէ յարատեւօրէն աղօթելու, երբեք չյանձնուելու պատերազմի, եւ գործելու հաւատքի հեզ ուժով ՝ վերջ դնելու համար հակամարտութիւններուն», ըսաւ հուսկ Սրբազան Պապը հաստատելով՝ թէ «Կարիքը կայ Խաղաղութեան։ Միշտ աւելի Խաղաղութիւն։ Անտարբեր չենք կրնար մնալ։ Աշխարհը այսօր բոցավառ ծարաւն ունի խաղաղութեան»։

Սրբազան Պապը անդրադարձ կատարեց բազմաթիւ երկիրներուն՝ որոնք կը տառապին պատերազմներու բրումով, նկատել տալով թէ վտանգը կայ՝ որ «ընտելանանք» պատերազմի չարիքին, որպէս ժողովուրդներու պատմութեան բնական մաս մը։

«Կանգ չառնենք վերացական բանավէճերու դիմաց, կապ հաստատենք վէրքերուն հետ, դպչինք անոնց, որոնք վիրաւոր են», յարեց հուսկ Սրբազան Պապը նշելով, թէ այսօր պատերազմներու ցաւերը ծանրաբեռնուած են նաեւ Քորոնավիիրուսի համաճարակէն ու շատ մը երկիրներու մէջ անհրաժեշտ խնամք ապահովելու պակասէն։

«Մինչ այդ հակամարտութիւնները կը շարունակուին ու անոնց հետ նաեւ ցաւն ու մահը։ Պատերազմներու վերջ դնելը Աստուծոյ առջեւ բոլոր քաղաքական պատասխանատուներուն անյետաձգելի պարտականութիւն է։ Խաղաղութիւնը որեւէ քաղաքականութեան առաջնահերթութիւն է։ Աստուած հաշիւ պիտի պահանջէ ասոր համար, անորմէ՝ որ չի փնտռեց խաղաղութիւնը ու կամ հրահրեց հակամարտութիւն եւ լարուածութիւն», հաստատեց ապա Սրբազան Քահանայապետը։

Ակնարկելով հուսկ մեր Տիրոջ Յիսուսի խօսքերուն «Սուրդ տեղը դիր. Որովհետեւ բոլոր սուր վեր առնողները սուրով պիտի կորչեն» Մատթէոս 26, 52) Ֆրանչիսկոս Պապը դիտել տուաւ, թէ «Բաւ է» արտայայտութիւնը պատասխանն է ամէն տեսակ բռնութեան։ Յիսուսին «Բաւ է» խօսքը դարերու ընդմէջէն կը հասնի մինչեւ մեր օրերը։ Բաւ է սուրեր, զէնքեր, բռնութիւն ու պատերազմ։

Սուրբ Պօղոս Զ Պապը 1965-ին ՄԱԿ-ի մէջ արձագանգեց այդ կոչին «Այլեւս ոչ երբեք պատերազմ» բացագանչումով։ Ահա այս է նաեւ մեր  բոլորիս աղերսը՝ բարի կամք ունեցող մարդոկ ու կիներուն։ Երազն է այս բոլոր անոնց, որոնք կը փնտռեն խաղաղութիւնը ու խաղաղութեան արհեստաւորներ են, որոնք քաջ տեղեակ են թէ «իւրաքանչիւր պատերազմ աշխարհը աւելի վատ կը թողու քան ինչպէս զայն գտած էր» (FT, 261).

Թէ ի՞նչպէս դուրս գալ բարդացած եւ փտախտացուած հակամարտութիւններէն, թէ ի՞նչպէս հաշտեցնել պատերազմի տէրերը ու անոնք որոնք կը վստահին զէնքերու ուժին. թէ ի՞նչպէս կանխատեսել պատերազմները հարցումներուն Քահանայապետը կը նշէ՝ թէ «ոչ մէկ ազգ, ոչ մէկ ընկերային խմբաւորում կարող է միայնակ յանգիլ խաղաղութեան, անվտանգութեան եւ երջանկութեան։ Ոչ մէկը»։

«Համաճարակի վերջին փորձառութիւնը մեզի գիտակից դարձուց, թէ կը կազմենք համաշխարհային հասարակութիւն մը, որ կը գտնուի միեւնոյն նաւուն վրայ, ուր մէկուն ցաւը կ՛ազդէ բոլորին վրայ։ Մենք յիշեցինք, թէ ոչ մէկը կը փրկուի միայնակ ու թէ կարելի է փրկուիլ միայն միասին (FT, 32)», հաստատեց Սրբազան Քահանայապետը շեշտը դնելով եղբայրութեան վրայ, որ պէտք է մխրճուի ազգերու, հասարակութիւններու, կառավարիչներու եւ միջազգային համոզումներուն մէջ։

Նորին Սրբութիւնը ճառը աւարտեց ըսելով. «Այստեղ ենք այս գիշեր, հաղորդելու համար խաղաղութեան պատգամ մը։ Այս մէկը կը բացայայտէ յստակօրէն թէ կրօնները պատերազմ չեն ուզեր, ընդհակառակը կը հակազդեն անոնց որոնք կը սրբացնեն բռնութիւնը։ Կրօնները բոլորէն կը խնդրեն աղօթել հաշտութեան համար ու գործել որպէսզի եղբայրութիւնը բանայ յոյսի նոր արահետներ»։

«Արդարեւ Աստուծոյ օգնութեամբ կարելի է կառուցել խաղաղ աշխարհ մը ու բոլորս փրկուիլ միասնաբար» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը եզրափակելով իր ճառը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/10/2020, 18:31