Որոնել

 Ֆրանչիսկոս Պապին  "Fratelli tutti" շրջաբերականի ներկայացումը Ֆրանչիսկոս Պապին "Fratelli tutti" շրջաբերականի ներկայացումը 

Միասին գործել առանց պատերազմի աշխարհի մը համար եւ աճեցնել երկխօսութիւնը։ Կարդինալ Փարոլին։

Ներկայացուեցաւ Ֆրանչիսկոս Պապին "Fratelli tutti" շրջաբերականը որուն առթիւ Կարդինալ Փարոլինը հաստատեց թէ պէտք է եղբայրութիւնը դարձնել գործիք միջազգային յարաբերութիւններու մէջ գործելու համար
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 4 հոկտեմբերի 2020-ի առաւօտեան Վատիկանի Սիւնհոդոսական դահլիճին մէջ ներկայացումը կատարուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին "Fratelli tutti" երրորդ շրջաբերականին, որուն ընթացքին ի մէջ այլոց ելոյթ ունեցաւ Սուրբ Աթոռի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը որ ներկայացնելով շրջաբերականը հրամայական նկատեց ընթանալ եղբայրութեան ուղիին վրայ, գործել միասին համաշխարհային գետնի վրայ ընկերային իսկական արդարութեան մը համար։

Ան դիտել տուաւ թէ  Քահանայապետը կը գործածէ համաճարակի փորձառութիւնը, որ  «լուսարձակի տակ դրաւ մեր կեղծ ապահովութիւնները», վերակոչելով  գործունէութիւններու անհրաժեշտութիւնը որոնք ունակ ըլլան ոչ միայն վերլուծելու իրադարձութիւնները  այլեւ անոնց տալու պատասխաններ։ Այդ գործողութիւնները տակաւին դերի են, որովհետեւ ի յայտ եկաւ միասին գործելու մեր անկարողութիւնը… նշեց Ծիրանաւորը յիշեցնելով, որ «երկխօսութիւնը կը քանդէ սրտի եւ մտքի պատնէշները, տարածքներ կը բանայ ներումին եւ կը խթանէ հաշտութիւնը»։ Ան ապա մաղթանք յայտնեց որ միջազգային կառոյցները ընդունին Ֆրանչիսկոս Պապին գրածը ինչպէս պատահեցաւ «Գովեալ ըլլաս» շրջաբերականին հետ, ընդգծելով իւրաքանչիւրի անձնական յանձնառումի անհրաժեշտութիւնը, որ պէտք է թարգմանուի ամէնօրեայ կեանքի մէջ գործողութեան։

Պետական Քարտուղարը շեշտադրում կատարեց այն իրողութեան վրայ թէ Քահանայապետին համար «որպէսզի եղբայրութիւնը դառնայ միջազգային յարաբերութիւններու մէջ գործելու գործիք, անհրաժեշտ է խթանել ոչ միայն եղբայրութեան հոգեւորականութիւնը այլ նաեւ աւելի արդիւնաբեր համաշխարհային կազմակերպութիւն մը, որպէսի սատարէ լուծելու համար հրատապ հարցերը։  «Այս ուղղութեամբ առնուելիք քայլերը տակաւին շատ են» շեշտեց Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով հակասութեան ընդմէջ հասարակաց բարիքին եւ պետութիւններու և նոյնիսկ առանձին պետութիւններու շահերուն նախապատուութիւն տալու վերաբերմունքին,  հաւատալով, որ կարող են գոյութեան ունենալ  «առանց վերահսկողութեան տարածքներ» եւ կամ «վաւեր է այն տրամաբանութիւնը թէ ինչ որ արգիլուած է արտօնուած է»։ Ասոր արդիւնքը ինչպէս կը նշէ Ֆրանչիսկոսը շրջաբերականին մէջ այն է թէ ««լքուածներու  բազմութիւնը կը մնայ ոմանց հնարաւոր բարի կամքի ողորմածութեան տակ» (FT, 165): Եւ այս մէկը եղբայրութեան ճիշտ հակառակ իրողութիւնն է, որ ինչպէս կը հաստատէ միշտ Քահանայապետը կը ներդրէ ընդհանուր շահերու գաղափարը, անոնց որոնք կարող են կառուցել իսկական զօրակցութիւն եւ փոխել ոչ միայն միջազգային հասարակութեան կառոյցը այլեւ անոր մէջ գոյութիւն ունեցող յարաբերութիւններու շարժականութիւնը։

Պետքարտուղարը ապա մատնանշեց թէ "Fratelli tutti, շրջաբերականին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը իր նախորդներուն նման կ՛աջակցի «օրէնքով կարգաւորուած  համաշխարհային հեղինակութեան»։

 Եղբայրութիւնը լիազօրութիւններու կեդրոնացումը կը փոխարինէ հաւաքական գործառոյթով, որը կ՛որոշուի  «համաշխարհային աւելի արդիւնաւէտ կազմակերպութիւններու կողմէ, որոնք օժտուած են լիազօրութեամբ՝ ապահովելու համար համաշխարհային հասարակաց բարիքը, սովի և թշուառութեան վերացումը և մարդու հիմնարար իրաւունքներու որոշակի պաշտպանութիւնը»։

Եղբայրութեան հիմնական նպատակն է երկխօսութեան մէջ դնել ժողովուրդները եւ Ֆրանչիսկոս Պապը մեզի կ՛ըսէ թէ կայ մեծ կարիք բանակցութեան եւ խաղաղութեան շօշափելի ուղիներու խթանումին։

«Այնուամենայնիւ, տևական խաղաղութեան իրական գործընթացները ամենէ առաջ  ժողովուրդներէն ի գործ դրուած  արհեստագործական  փոխակերպումներն են, ուր իւրաքանչիւր մարդ կարող է դառնալ արդիւնաբեր խմոր իր առօրեայ ապրելակերպով: Մեծ փոխակերպումները չեն կառուցուիր գրասեղանի կամ աշխատասենեակին մէջ»:

Ի վերջոյ Վատիկանի թիւ մէկ դիւանագէտը կը խրախուսէ ամրապնդել մարդկութեան միասնական իմաստը։

Պետութիւններու պատասխանատուները պէտք է դէպի առջեւ քայլեր կատարեն առաջնակարգ դիրքի վրայ դնելու ժողովուրդներու շահերը։

Պետութիւններու պատասխանատուներուն, դիւանագէտներուն եւ բոլոր անոնց՝ որոնք կը գործեն խաղաղութեան եւ զարգացումի համար, եղբայրութիւնը կ՛առաջարկէ միջազգային կեանքը փոխակերպել պարզ համա-գոյութենէն,  որ անհրաժեշտ է, ոլորտի  մը՝ որ հիմնուած է այդ մարդկութեան միասնական իմաստին վրայ, որ այսօր կը ներշնչէ և կ՛ աջակցի բազմաթիւ միջազգային կանոններուն  և կառոյցներուն, խթանելով արդիւնաւէտ համակեցութիւն, - հաստատեց  կարդինալը։ Ասիկա պատկերն է իրականութեան մը՝ ուր կը գերակշռեն  ժողովուրդներու եւ մարդոց պահանջները, պաշտօնական կառոյցով մը, որ ունակ է երաշխաւորելու  ոչ թէ առանձնայատուկ շահերը, այլ այդ ցանկալի աշխարհի ընդհանուր բարիքը (տես ՝ FT, 257) »:

Եղբայրութեան մշակոյթի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Պապը կոչ կ՛ուղղէ իւրաքանչիւրի սիրելու միւս ազգը, միւս պետութիւնը իր պետութեան եւ ազգին նման։ Այդպէս է որ կը կառուցուին յարաբերութիւնները, կանոնները եւ իշխանութիւնները, հրաժարելով ուժի կղզիացումի, փակ տեսութիւններու, եսասիրական և կուսակցական գործողութիւններու  ցնորքներէն, քանի որ «լոկ անհատական ​​շահերու գումարումը ի վիճակի չէ ստեղծելու  աւելի լաւ աշխարհ մը ողջ մարդկութեան համար»

Բացի Կարդինալ Փարոլինէն շրջաբերականի ներկայացումին ելոյթ ունեցան նաեւ Միջկրօնական երկխօսութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը Կարդինալ Միկել Անկել Այուզօ Կիսոն, որ նշեց թէ եղբայրութիւնը ամէն մէկ կրօնական հաւատքի ճանպահն է, ապա Սանդ Էճիտիոյ հասարակութեան հիմնադիրը Տիար Անտրէա Ռիքքարտին որ շեշտը դրաւ պատերազմի վրայ, որ ըսաւ Ան բոլոր աղքատութիւններու մայրն է։  Խօսք առաւ նաեւ Դատաւոր Մոոհամմէտ Մահմուտ Ապտըլ Սալամը՝ մարդկային եղբայրութեան բարձրագոյն  կոմիտէի քարտուղարը, որ մատնանշեց տիեզերական եղբայրութեան որպէս աշխարհի համար գերազանց անհրաժեշտութիւն եւ ի վերջոյ Տուրհամի համալսարանական փրոֆեսոր Աննա Ռովլանսը որ խօսեցաւ  կրօնական հասարակութիւններու դերակատարութեան մասին

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

05/10/2020, 09:00