Որոնել

«Ամենամեծ պատուիրանը՝ Սէրը». Հոկտեմբերի 25-ի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Յովհաննէս առաքեալը կը գրէ. «Ով՝ որ չի սիրեր իր եղբայրը, որ կը տեսնէ, չի կրնար սիրել Աստուած որ չի տեսներ» (1 Յովհ. 4.20):
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 25 հոկտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի ընթացքին, սովորութեան համաձայն ներկայացուց օրուան յաւուր պատշաճի խորհրդածութիւնը ի մէջ այլոց ըսելով.

Այսօրուայ աւետարանական էջին մէջ (Մատթէոս 22, 34-40), օրինական մը Յիսուսին հարց կու տայ թէ ո՞րն է ամենամեծ պատուիրանը։ Յիսուս կը պատասխանէ «Սիրէ քու Տէր Աստուածդ բոլոր սրտովդ եւ քու բոլոր անձովդ ու քու բոլոր մտքովդ»,   ապա կ՛աւելցնէ «երկրորդն ալ՝ ասոր նման է. «Սիրէ Քու ընկերդ քու անձիդ պէս»։

Յիսուսին պատասխանը իրարու կը միացնէ երկու հիմնական պատուիրաններ, զոր Աստուած տուաւ իր ժողովուրդին Մովսէսի միջոցաւ։ Յիսուս այսպէսով կը խուսափի ծուղակէն եւ իր պատասխանով  բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներուն համար կը հաստատէ երկու «ծխնիներ» որոնցմէ առաջինը այն է՝ թէ կրօնական եւ բարոյական կեանքը չի կրնար վերածուիլ լոկ հարկադիր հնազանդութեան, այլ պէտք է որպէս սկզբունք ունենայ սէրը։ Իսկ երկրորդը այն է՝ թէ սէրը պէտք է միասին եւ անբաժանօրէն ձգտի դէպի Աստուած եւ դէպի մերձաւորը։  Այս է Յիսուսին ուսուցումին առաջնային նորութիւններէն մին, որ մեզի կը հասկցնէ թէ Աստուծոյ նկատմամբ սէրը իրական սէր չէ եթէ չ՛արտայայտուիր մերձաւորին սիրոյն մէջ ու միեւնոյն ատեն մերձաւորի նկատմամբ սէրը իսկական սէր չէ եթէ ան չի բխիր Աստուծոյ հետ յարաբերութիւնէն։

Յիսուս ապա իր խօսքերը կ՛եզրափակէ ըսելով «Այս երկու պատուիրաններէն կախուած են ամբողջ Օրէնքն ու Մարգարէները»: Եւ այս կը նշանակէ թէ Տիրոջ իր ժողովուրդին տուած բոլոր օրէնքները պէտք է կապուած ըլլան Աստուծոյ եւ մերձաւորի սիրոյ հետ։

Աստուծոյ սէրը կ՛արտայայտուի առաջին հերթին աղօթքի մէջ ու մասնաւորապէս երկրպագութեան մէջ։ Եւ մերձաւորին սէրը որ կը կոչուի նաեւ եղբայրական բարեսիրութիւն, արտայայտուած է մօտիկութեամբ, ունկնդրութեամբ, բաժնեկցութեամբ եւ ուրիշին հոգատարութեամբ։

Յովհաննէս առաքեալը կը գրէ. «Ով՝ որ չի սիրեր իր եղբայրը, որ կը տեսնէ, չի կրնար սիրել Աստուած որ չի տեսներ» (1 Յովհ. 4.20):

Այսօրուայ Աւետարանին մէջ Յիսուս անգամ մը եւս մեզ կ՛օգնէ ընթանալու դէպի Սիրոյ կենդանի եւ ցայտող աղբիւրը։ Այս աղբիւրը նոյնինքն Աստուած է, զոր պէտք է լիովին սիրենք հաղորդութեան մը մէջ, որ ոչ մի բան եւ ոչ մէկը կարող է հատել։ Հաղորդութիւն մը, որ պարգեւ մըն է զոր պէտք է հայցենք ամէն օր, սակայն նաեւ անձնական յանձնառում է,  որպէսզի թոյլ չտանք որ մեր կեանքը ստրուկ դառնայ աշխարհի կուռքերուն։ Դարձի և սրբութեան մեր այս ճանապարհի ստուգումն ալ կը կայանայ միշտ  մերձաւորի նկատմամբ սիրոյ մէջ։

Մինչեւ այն ատեն որ մեր սիրտը փակենք եղբօր մը կամ քրոջ մը դիմաց, մենք հեռու ենք Յիսուսին պահանջած ձեւի աշակերտները ըլլալէ։ Թէեւ Անոր ողորմութիւնը մեզի թոյլ չի տար, որ յուսալքուինք, ընդհակառակը մեզ կը կոչէ ամէն օր  վերսկսելու հետեւողականութեամբ  ապրիլ Աւետարանը։

Ամենասուրբ Կոյսին բարեխօսութիւնը թող բանայ մեր սիրտը, ընկալելու համար  մեծ պատուիրանը, սիրոյ կրկնակի պատուիրանը, որ իր մէջ կը ներփակէ Աստուծոյ համայն Օրէնքը որմէ կախում ունի մեր փրկութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

25/10/2020, 12:20