Որոնել

«Աստուած կեանքին կեդրոնն է եւ անոր իմաստը» 18 հոկտեմբերի Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Իւրաքանչիւրս Մկրտութեան զօրութեամբ կանչուած է ըլլալու ընկերութեան մէջ կենդանի ներկայութիւն, զայն ոգեւորելով Աւետարանով եւ Սուրբ Հոգիին կենդանի աւիշով։ Այս կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ հեզութեամբ եւ քաջութեամբ սատարել սիրոյ քաղաքակրթութեան կառուցումին ուր կ՛իշխեն արդարութիւնն ու եղբայրութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այն ատեն փարիսեցիները գացին խորհրդակցեցան անոր մասին, թէ ինչպէս ծուղակի մէջ ձգեն զայն իր խօսքերուն վրայէն։ Իրենց աշակերտները ղրկեցին անոր` Հերովդիանոսներուն հետ միասին, եւ ըսին. «Վարդապե՛տ, մենք գիտենք որ դուն ճշմարտախօս ես եւ Աստուծոյ ճանապարհը կը սորվեցնես ուղիղ կերպով, մարդու կարեւորութիւն չես տար եւ մարդոց երեսին չես նայիր. հիմա ըսէ մեզի, ի՞նչպէս կը թուի քեզի. պէ՞տք է տուրք վճարել Կեսարին թէ ոչ»։  Յիսուս հասկցաւ անոնց խորամանկութիւնը, եւ հարցուց. «Ինչո՞ւ կը փորձէք զիս, կեղծաւորնե՛ր։ Ցո՛յց տուէք ինծի տուրքին դահեկանը»։ Անոնք ներկայացուցին դահեկան մը։  Եւ ըսաւ անոնց. «Որո՞ւն է այս պատկերը կամ գրութիւնը»։ «Կեսարինն է», պատասխանեցին։ Այն ատեն Յիսուս ըսաւ անոնց. «Գացէք եւ Կեսարին տուէք ինչ որ Կեսարին կը պատկանի եւ Աստուծոյ` ինչ որ Աստուծոյ կը պատկանի»։    Այս լսելով` զարմացան ու թողուցին գացին։

Սոյն աւետարանական հատուածը, քաղուած Մատթէոսի աւետարանէն (Գլ. 22,15-21) հանդիսացաւ Ֆրանչիսկոս Պապին 18 հոկտեմբերի կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան նիւթը։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Պապը, լաւապէս գիտէր փարիսեցիներուն չար միտքը  եւ իր անոնց տուած պատասխանով ան ինքզինք աւելի վեր կը դասէ բանավէճէն։

Մէկ կողմէ կ՛ընդունի թէ պէտք է վճարել Կեսարին տուրքը, որովհետեւ դահեկանի վրայ անոր պատկերը կայ, բայց ամենէ առաջ կը յիշեցնէ թէ ամէն մէկ մարդ արարած իր մէջ կը կրէ այլ պատկեր մը՝ Աստուծոյ պատկերը, ուստի Անոր է ու միայն Անոր, որ իւրաքանչիւրս պարտական է իր սեփական գոյութեան համար։

Յիսուսի այս նախադասութեան մէջ կը գտնենք ոչ միայն քաղաքական և կրօնական ոլորտներու միջեւ տարբերութեան չափանիշը, այլեւ ի յայտ կու գան յստակ ուղեցոյցներ բոլոր ժամանակներու հաւատացեալներու առաքելութեան համար, նոյնիսկ այսօրուայ համար:

Տուրքերը վճարելը քաղաքացիներու պարտականութիւն է, ինչպէս է նաեւ Պետութեան արդար օրէնքներուն պահպանումը։ Միեւնոյն ժամանակ հարկաւոր է հաստատել Աստուծոյ առաջնութիւնը  մարդկային կեանքի ու պատմութեան մէջ, յարգելով Աստուծոյ իրաւունքը Անոր պատկանածի նկատմամբ։

Այստեղէն է՝ որ կը բխի Եկեղեցւոյ եւ քրիստոնեաներուն առաքելութիւնը. Խօսիլ Աստուծոյ  մասին ու զայն վկայել ժամանակի մարդոց եւ կիներուն։

Իւրաքանչիւրս Մկրտութեան զօրութեամբ կանչուած է ըլլալու ընկերութեան մէջ կենդանի ներկայութիւն, զայն ոգեւորելով Աւետարանով եւ Սուրբ Հոգիին կենդանի աւիշով։

Այս կը նշանակէ յանձնառու ըլլալ, հեզութեամբ եւ քաջութեամբ սատարել սիրոյ քաղաքակրթութեան կառուցումին, ուր կ՛իշխեն արդարութիւնն ու եղբայրութիւնը։

Տիրոջ աշակերտներու այս առաքելութիւնը, յատկապէս աշխարհական աշակերտներուն, պէտք է իրագործուի հոգեւոր արժէքներու հաւատարմութեամբ եւ հովիւներու հետ հաղորդութեամբ։

Քրիստոսի պատկանելիութիւնը եւ անկէ բխած կեանքի ապրելակերպը հաւատացեալը չեն կղզիացներ աշխարհէն, ընդհակառակը, զայն կը դարձնեն սիրոյ ծառայութեան դերակատարը՝ ի սպաս հասարակաց բարիքին։

Սուրբերուն վկայութիւնը ցոյց կու տայ որ հաւատքը կը մղէ վեհանձնօրէն նուիրուելու, նոյնիսկ ի գին կեանքին, խթանելու համար մարդկային արժանապատուութիւնը, որուն մէջ դրոշմուած է Աստուծոյ պատկերը։

Թող որ Սուրբ Կոյսը օգնէ մեզի բոլորիս փախուստ տալու որեւէ կեղծաւորութենէ  եւ ըլլալու պարկեշտ եւ կառուցողական քաղաքացիներ։ Ան ապա թիկունք թող կանգնի մեզի՝ Քրիստոսի աշակերտներու մեր առաքելութեան մէջ վկայելու համար, որ Աստուած կեանքին կեդրոնն է ու անոր իմաստը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2020, 12:06