Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Հարսանեկան ընթրիքի առակը առանցքը կազմեց Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան։

«Եկեղեցին կանչուած է երթալու ճամբաներու գլուխները այսինքն մարդկութեան աշխարհագրական և գոյութենական ծայրամասերը»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի  11 հոկտեմբեր 2020-ին Ֆրանչիսկոս Պապը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի որպէս խորհրդածութեան նիւթ ընտրեց օրուան աւետարանական ընթերցումը զոր քաղուած էր Մատթէոսի աւետարանէն (Մատթ 22, 1-14), ուր Յիսուս կը ներկայացնէ հարսանեկան ընթրիքի առակը բացայայտելով Աստուծոյ մարդուն վերապահած ծրագիրը։

Ունկնդրէ լուրը

«Թագաւորը որ իր զաւկին համար հարսանեկան խնջոյք կը սարքէ պատկերն է Հօր՝ որ համայն մարդկային ընտանիքին համար նախատեսեց սիրոյ եւ իր Միածին Որդոյն շուրջ հաղորդութեան սքանչելի տօնախմբութիւն մը», ըսաւ Սրբազան Պապը ակնարկելով թէ ինչպէս թագաւորը երկու անգամ դուրս ղրկեց իր ծառաները հիւրերը հրաւիրելու ընթրիքին սակայն անոնք  մէկիկ մէկիկ մերժեցին հրաւէրը զանազան պատճառաբանութիւններով։

«Մենք ալ շատ անգամ մեր անձնական շահերն ու նիւթական իրերը կը դնենք մեզ կոչող Տիրոջմէ առաջ», ըսաւ Սրբազան Պապը մատնանշելով ապա թէ Թագաւորը առակին մէջ չուզեր որ իր սեղանը դատարկ մնայ, որովհետեւ ինք կ՛ուզէ կիսել այդ գանձերը եւ ասոր համար ծառաներուն կը հրամայէ  «գացէ՛ք, ուրեմն, ճամբաներու գլուխները, եւ ով որ գտնէք` կանչեցէք հարսանիքի»։ «Այսպէս կը վարուի նաեւ Աստուած» յարեց Սրբազան Պապը աւելցնելով որ այդպէսով խնջոյքի սրահը կը լեցուի «բացառուածներով»։

«Եկեղեցին կանչուած է երթալու  ճամբաներու գլուխները այսինքն մարդկութեան աշխարհագրական և գոյութենական ծայրամասերը» ըսաւ ապա Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով ՝ թէ այս  կը նշանակէ չի համակերպիլ աւետարանումի եւ սիրոյ վկայութեան յարմարաւէտ և սովորական ձևերուն, այլ բոլորի առջև բանալու մեր սրտին եւ հասարակութիւններուն դռները, «որովհետեւ Աւետարանը վերապահուած չէ միայն ընտրեալ քիչերուն» ըսաւ Քահանայապետը յիշելով թէ ինչպէս երէկ երեկոյեան առիթը ունեցաւ հեռաձայնային կապ հաստատել Պրազիլիցի մէկ ծերունի քահանայի մը հետ, որ իր համայն կեանքը նուիրեց բացառուածներուն։

Նոյնիսկ անոնք՝ որոնք կը գտնուին արուարձաններու մէջ Աստուծմէ նկատուած են արժանի իր սիրոյն։ Եւ Ան բոլորին համար կը պատրաստէ հարսանեկան սեղանը՝ արդարներուն, մեղաւորներուն, բարիներուն, չարերուն,խելացիներուն եւ անմշակներուն համար։

Ան սակայն ունի նախապայման մը ՝ հարսանիքի զգեստ ունենալ։ Արդարեւ երբ թագաւորը մտաւ բազմականները տեսնելու` հոն նշմարեց մարդ մը որ հարսանիքի զգեստ չէր հագած. եւ ըսաւ անոր. Ընկեր, ի՞նչպէս հոս մտար առանց հարսանիքի զգեստ ունենալու. մարդը պապանձեցաւ։  Այն ատեն թագաւորը սպասաւորներուն ըսաւ. Կապեցէ՛ք ասոր ոտքերն ու ձեռքերը եւ դո՛ւրս հանեցէք, արտաքին խաւարին մէջ. հոն թող լայ ու ակռաները կրճտէ։  Որովհետեւ շատերն են կանչուած եւ քիչերը` ընտրուած»։

Հարսանեկան հագուստը կը մատնանշէ ողորմութիւնը զոր Աստուած մեզի կը շնորհէ ձրի կերպով։ Բաւարար չէ ընդուիլ Տիրոջ հրաւէրը եւ Անոր հետեւիլ, հարկաւոր է նաեւ տրամադիր ըլլալ ապաշխարութեան ուղեւորութեան մը՝ որ սիրտը կը փոխէ։

Ողորմութեան հագուստը զոր Աստուած մեզի կը նուիրէ յարատեւ կերպով, անոր սիրոյն ձրի պարգեւն է, շնորհք է. Եւ պահանջը կայ զայն ընկալելու ուրախութեամբ եւ զարմանքով։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ որպէսզի նմանինք առակի ծառաներուն ու դուրս ելլենք մեր սահմանափակ հայեացքներէն եւ ուրագիծերէն, բոլորին հռչակելով՝ որ Տէրը մեզ կը հրաւիրէ իր հարսանեկան ընթրիքին մեզի պարգեւելու համար մեզ փրկող շնորհքը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/10/2020, 12:10