Որոնել

Մարդկային կեանքը պարգեւ մըն է Մարդկային կեանքը պարգեւ մըն է 

«Մարդկային կեանքը պարգեւ մըն է զոր պէտք է պաշտպանել» Ֆրանչիսկոս Պապին 24 սեպտեմբերի թուիթը։

Կը մոռնանք թէ մենք եւս մաս ենք ստեղծագործութեան, թէ ոչ մէկ բան սեփականութիւն է, թէ Աստուած մեզի իշխանութիւն տուաւ բոլոր բաներու վրայ, սակայն որպէս ձրի պարգեւ, զոր պէտք պահպանենք ու շարունակենք իրագործել եւ ոչ թէ սպառել։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարդկային միջավայրի ոչնչացումը շատ լուրջ հարց է, ոչ միայն այն պատճառով, որ Աստուած աշխարհը մեզի վստահած է , այլ նաև այն պատճառով, որ մարդկային կեանքը ինքնին պարգեւ է, զոր պէտք է պաշտպանել: #TempoDelCreato»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 24 սեպտեմբերի թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան բնապահպանութեան մասին 2015-ին հրապարակած  «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականէն, ուր Ֆրանչիսկոս Պապը կը մէջբերէ իր նախորդներուն՝ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի եւ Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Քահանայապետի բնապահպանութեան հայող ուսուցումներ,  հաստատելով նաեւ՝ թէ աշխարհը խնամելու ու զայն լաւացնելու ամէն մէկ ձգտում կը պահանջէ խոր դարձ ու փոփոխութիւն։

«Պէտք չէ մոռնալ որ մարդը ինքնիրմէ ստեղծուած ազատութիւն մը չէ։… Մենք յաճախ կը խեղաթիւրենք ազատութեան իմաստը, որ կը դառնայ եսասիրութիւն։ …Կը մոռնանք թէ մենք եւս մաս ենք ստեղծագործութեան, թէ ոչ մէկ բան սեփականութիւն է, թէ Աստուած մեզի իշխանութիւն տուաւ բոլոր բաներու վրայ, սակայն որպէս ձրի պարգեւ, զոր պէտք է պահպանենք ու շարունակենք իրագործել եւ ոչ թէ սպառել։ Մենք ունինք շատ մեծ պատասխանատուութիւն» նշուած է ի մէջ այլոց Քահանայապետի վերոնշեալ շրջաբերականին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/09/2020, 13:30