Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ուղերձը Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչութեան

Ֆրանչիսկոս Պապ Վատիկանի մէջ ընդունեց Վատիկանի մօտ Հանրային անվտանգութեան տեսչութեան անդամները, տեսչութեան հիմնադրութեան 75րդ ամեկաի առիթով։

Վազգէն Աբարդեան  - Վատիկան

Վատիկանի հանրային  անվտանգութեան տեսչութեան հիմնադրութեան 75րդ ամեակի առիթով, երկուշաբթի, սեպտեմբեր 28ին, ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց յիշեալ կազմակերպութեան անդամները ընկերակցութեամբ Իտալիոյ ներքին գործոց նախարարուհիին ։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ յղած ճառին մէջ Սրբազան Հայրը ողջունելէ ետք ներկաները ընդհանուր ակնարկ կատարեց վարչութեան պատմութեան ու առաքելութեան, որ ծնունդ առած է 1929ին կնքուած,  Լատերանեան համաձայնագիրէն, ուր նախատեսուած է ի մէջ այլոց, զբօսաշրջիկներու, ուխտաւորներուն սուրբ Պետրոս հրապարակ մուտք գործելու  արտօնութիւնը՝ Իտալական իշխանութիւններուն հսկողութեան տակ ըսաւ Սրբազան Հայրը։

Ան  խօսելով ապա Վատիկանի հանրային անվտանգութեան վարչութեան հիմնադրութեան մասին նշեց, թէ  ծնունդ առած է ազգային անորոշ եւ արտակարգ իրավիճակի մէջ, ուր ընկերային եւ քաղաքական ուժերը յանձնառու էին ժողովրդավարութեան վերականգումին եւ այդ քաղաքական անորոշ ու անկայուն  վիճակին մէջ է,  որ 1945 ին, հիմնուեցաւ Սուրբ Պետրոսի հանրային անվտանգութեան գրասենեակը։

Ֆրանչիսկոս Պապ յիշեց նաեւ 1943ին, Գերմանական զօրքերու կողմէ Հռոմի մայրաքաղաքի գրաւումը, ու անկէ յառաջացած խնդիրները ու մտահոգութիւնները որոնց պատճառաւ հաւատացեալները չկարողացան մուտք գործել Վատիկանի Տաճար ։ Նորին Սրբութիւնը նկատել տուաւ, որ 4 յունիս 1944ին, Հռոմ մայրաքաղաքը ազատագրուելէ ետք, հակամարտութիւններու  պատճառաւ ամենուրեք աղքատութիւն ու տառապանք տիրեց։

Արդարեւ Վատիկանի մօտ Պետական ոստիկանութեան նոր գրասենեակը ի վիճակի եղաւ պատճաշօրէն  համապատասխանելու ուխտաւորներու կարիքներուն,  կարեւոր ծառայութիւն մատուցանելով՝ ըլլայ Իտալիոյ ըլլայ Սուրբ Աթոռին։

«Սիրելի պատասխանատուներ եւ ոստիկաններ շնորհակալ եմ ձեր թանկագին ծառայութեան համար որ բնութագրուած է աշխատասիրութեամբ, արհեստավարժութեամբ եւ զոհաբերութեան հոգիով» ըսաւ Սրբազան Հայր յատուկէն գնահատելով ոստիկանութեան համբերութիւնը ցուցաբերած տարբեր մշակոյթներ ունեցող անձերուն նկատմամբ։

Ան մաղթեց, որ Վատիկանի հանրային անվտանգութեան տեսչութիւնը շարունակէ գործել իր լուսաւոր պատմութեան համաձայն, քաղելով նոր եւ բեղուն պտուղներ։

Ֆրանչիսկոս Պապ խօսքը եզրափակեց հայցելով հանրային անվտանգութեան տեսչութեան պաշտպան սուրբ, Սուրբ Միքայէլ հրեշտակապետին եւ Տիրամօր հովանին ոստիկաններուն ու անոնց ընտանիքներուն համար ապա փոխանցելով իր առաքելական օրհնութիւնները խնդրեց, որ չմոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/09/2020, 11:23