Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին պատգամը Լոմպարտիա թեմի մէջ նշուած տարեց եւ հիւանդ քահանաներու օրուան մասնակիցներուն:

«Ձեզի յատուկէն շնորհակալ եմ սիրելի եղբայրակիցներ, ձեր Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ սիրոյ հաւատարիմ վկայութեան համար ։ Շնորհակալ եմ ձեր կեանքի աւետարանի լռելեան հռչակումին համար։ Շնորհակալ եմ որովհետեւ դուք կենդանի յիշողութիւն էք որուն վրայ կառուցել ապագայի եկեղեցին» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի  17  սեպտեմբեր 2020-ին Նորին Սրբութիւն Ֆրանչիսկոս Պապը պատգամ մը ուղղեց Լոմպարտիա Թեմի հիւանդ ու տարեց Քահանաներուն նուիրուած  Օրուան մասնակիցներուն։ Ձեռնարկը կազմակերպուած  է  «Madonna di Caravaggio» Տիրամօր նուիրուած սրբավայրին մէջ, ինչպէս կը նշէ Քահանայապետը պատգամին սկիզբը շնորհակալութիւն յայտնելով «տարեց եւ հիւանդ կղերական դասին հետ միասին աղօթքի եւ եղբայրութեան» օրուան յիշատակումին համար ու դիտել տալով՝ որ տարեց ու հիւանդ քահանաները եւս «կը մասնակցին եկեղեցւոյ առաքելութեան իրենց աղօթքներով, ու ցաւերու նուիրումով»։

«Ձեզի յատուկէն շնորհակալ եմ սիրելի եղբայրակիցներ, ձեր Աստուծոյ ու Եկեղեցւոյ սիրոյ հաւատարիմ վկայութեան համար ։ Շնորհակալ եմ ձեր կեանքի աւետարանի լռելեան հռչակումին համար։ Շնորհակալ եմ՝ որովհետեւ դուք կենդանի յիշողութիւն էք որուն վրայ կառուցել ապագայի եկեղեցին» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը պատգամին մէջ ակնարկելով վերջին ամիսներուն ապրուած սահմանափակումներուն, ընտանեկան պարագաներու ու բարեկամներու սիրոյ ու քնքշութեան պակասին, վարակուելու վախին….յոյս յայտներով որ այս բոլորը մեզ օգնեն հասկնալու թէ տարածքներ զբաղեցնելէ անդին հարկաւոր է մեզի պարգեւուած ժամանակը չի վատնել , համտեսել ուրիշի հետ հանդիպումի գեղեցկութիւնը եւ բուժուիլ ինքնաբաւութեան վիրուսէն։

Պատգամի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը մէջբերելով անցեալ  27 մարտ 2020-ին Սուրբ Պետրոսի դատարկ հրապարակին վրայ արտասանած աղօթքէն հատուած  մը, հրաւիրեց քահանաները իրենց փորձարկած դիւրաբեկութեան մէջ վախ չունենալ տառապանքէն ու ցաւէն, որովհետեւ «Տէրը մեր հետ կը կրէ այդ խաչը»։

Ան ապա բոլորը յանձնեց Սուրբ Կոյս Մարիամի մայրական հովանիին, հաստատելով՝ թէ իր աղօթքներուն մէջ միշտ կը յիշէ քորոնավիրուսէն մահացած քահանաները ու բոլոր անոնք՝ որոնք տակաւին կը դիմագրաւէն հիւանդութենէն վերականգնումի ընթացքը։

Սրբազան Պապը պատգամը եզրափակեց իր օրհնութիւններով եւ իրեն համար աղօթքի խնդրանքով։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/09/2020, 12:00