Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Մարդուն սիրտը բուժելով է որ կարելի է յուսալ բուժել նաեւ աշխարհը». Ֆրանչիսկոս Պապ։

«Մենք մաս կը կազմենք միակ մարդկային ընտանիքի ու կանչուած ապրելու հասարակաց տան մը մէջ, ուր ականատես ենք անոր քայքայումին։ Մարդկութեան դիմագրաւած առողջապահական ճգնաժամը մեզի կը յիշեցնէ մեր դիւրաբերութիւնը։ Կը հասկնանք թէ մինչեւ որ աստիճան մենք կապուած ենք մէկը միւսին, ու կը գտնուինք աշխարհի մը մէջ կիսելով անոր ճակատագիրը, ու թէ զայն շահագործելը չի կրնար եթէ ոչ ունենալ ծանր հետեւանքներ, ոչ միայն բնապահպանական այլ նաեւ ընկերային եւ մարդկայնական մակարդակի վրայ»

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Հինգշաբթի 3 սեպտեմբեր 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մէջ յաջորդաբար ընդունեց Աստուածային Պաշտամունքի եւ Խորհուրդներու մատակարարման ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Ռոպէրթ Սարան, Տիար Քիլէ Էպոգ Օսուժին՝ Միջազգային քրէական դատարանի նախագահը, գերապայծառ Կուիտօ Փեքորարին՝ Պուլկարիոյ մօտ առաքելական դեսպան եւ գերապայծառ Միքայէլ Ֆրանչիս Քրոթթի, Պուքրինա Ֆազոյի մօտ եւ Նեճերի մօտ առաքելական դեպան։

Ունկնդրէ լուրը

Ֆրանչիսկոս Պապ հուսկ ունկնդրութիւն շնորհեց  Ֆրանսացի աշխարհականներու մէկ փոքրիկ խումբի մը, որոնք հետաքրքրուած են ու յանձնառու են բնապահպանութեան  հարցերով։

Այս առթիւ ներկաներուն յանձնած իր գրաւոր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը ուրախութիւն յայտնեց անոնց հետ հանդիպելուն համար,  յաւարտ ֆրանսայի եպիսկոպոսներուն ձեռնարկած «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականի շուրջ քննարկումներուն։

«Մենք մաս կը կազմենք միակ մարդկային ընտանիքի ու կանչուած ենք ապրելու հասարակաց տան մը մէջ, ուր ականատես ենք անոր քայքայումին։ Մարդկութեան դիմագրաւած առողջապահական ճգնաժամը մեզի կը յիշեցնէ մեր դիւրաբերութիւնը։ Կը հասկնանք թէ մինչեւ որ աստիճան մենք կապուած ենք մէկը միւսին, ու կը գտնուինք աշխարհի մը մէջ կիսելով անոր ճակատագիրը, ու թէ զայն շահագործելը չի կրնար եթէ ոչ ունենալ ծանր հետեւանքներ, ոչ միայն բնապահպանական այլ նաեւ ընկերային եւ մարդկայնական մակարդակի վրայ» յայտնեց Սրբազան Պապը, գոհունակութիւն յայտնելով որ բնապահպանութեան հարցը միշտ աւելիով կը դառնայ ուշադրութեան առարկայ ու կը սկսի ազդել քաղաքական եւ տնտեսական ընտրանքներու վրայ, «թէեւ տակաւին շատ բան կայ ընելիք ու գործընթացը կը յառաջանայ դանդաղ կերպով», դիտել տուաւ ի մէջ այլոց Սրբազան Քահանայապետը նշելով որ  Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ փափաքն է մասնակից դառնալ հասարակաց տան պաշտպանութեան յանձնառումին։

«Եկեղեցին առաջարկելիք պատրաստ լուծումներ չունի եւ չի ժխտէր այդ յանձնառումին բերումով ի յայտ եկած դժուարութիւններն ու ջանքերը։ Ան սակայն կ՛ուզէ գործնականապէս սատարել այդ գործին եւ կ՛ուզէ յատկապէս կազմել խիղճերը «բնապահպանական դարձի» աւելի խոր ու կայուն խթանումի մը համար» յարեց Սրբազան Պապը եւ ուզեց  ներկաներուն հետ կիսել  հաւատքի համոզումները, «որոնք քրիստոնեաներուն կ՛առաջարկեն  բնութեան, ինչպէս նաև առաւել խոցելի եղբայրներու և քոյրերու պաշտպանութեան մեծ դրդապատճառները»։

«Սուրբ Գիրքը մեզի կը սորվեցնէ թէ աշխարհը ծնունդ չ՛առաւ քաոսէն, այլ Աստուծոյ մէկ որոշումէն, սէրէն։ Տիեզերքը գեղեցիկ ու բարի է ու անոր ընդմէջէն կը տեսնենք անոր Հեղինակի անսահման բարութիւնն  ու գեղեցկութիւնը» ըսաւ ապա Քահանայապետը նշելով՝ որ «Քրիստոնեան չի կրնար չի յարգել Հօր գործը, զոր Ան յանձնած է անոր, որպէս մշակուելիք պարտէզ, որ պէտք է պաշտպանէ, աճեցնէ իր կարողութիւններուն համաձայն»։

«Եւ եթէ մարդս իրաւունք ունի օգտագործելու բնութիւնը, ան ոչ մի ձեւով կրնայ ինքզինք նկատել տէր ու տիրական, այլ պարզապէս մատակարար՝ որ պէտք է հաշիւ տայ իր աշխատանքին համար» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը հաստատելով՝ որ «Աստուծոյ նուիրած պարտէզին մէջ մարդ արարածները կանչուած են ապրելու՝ Յիսուսին առաջարկած աւետարանական սկզբունքով,  ներդաշնակութեամբ, առադրութեան, խաղաղութեան եւ եղբայրութեան մէջ»։

«Սակայն երբ բնութիւնը նկատուի պարզապէս չարաշահուելիք ապրանք այն ատեն այդ ներդաշնակութիւնը կը խզուի ու տեղի կ՛ունենան ծանր անհաւասարութիւններ, անարդարութիւններ եւ տառապանքներ»։

Քահանայապետը հուսկ նկատել տուաւ որ բնապահպանական ճգնաժամը դրսեւորումն է արդիականութեան բարոյական, մշակութային եւ հոգեւոր տագնապին, ու թէ պէտք չէ խաբկանքը ունենալ թէ մեր միջավայրի ու կենսոլորտի  հետ յարաբերութիւնը կարելի է դարմանել առանց դարման գտնելու մեր մարդկային հիմնական յարաբերութիւններուն։

Ասոր համար կարելի չէ բնութեան հետ նոր յարաբերութիւն մը ստեղծել առանց նորոգուած մարդ արարածին, ու մարդուն սիրտը բուժելով է որ կարելի է յուսալ բուժել նաեւ աշխարհը ու անոր անկարգութիւնները, ըլլայ ընկերային ըլլայ բնապահպանական գետնի վրայ։

Սրբազան Քահանայապետը առ այդ խօսքը աւարտեց բոլոր ներկաները քաջալերելով շարունակելու իրենց ջանքերը եւ չի կորսնցնելու յոյսը հայեացքը ուղղելով դէպի Յիսուս Քրիստոս։

Ան Աստուածն է, նոյնինք Արարիչը, որ եկաւ այցելութիւն տալու իր ստեղծագործութեան ու բնակելու մեր մէջ, մեզ բուժելու համար ու մեզի թոյլ տալու որ վերագտնենք կորսնցուցած  ներդաշնակութիւնը, ներդաշնակութիւնը մեր եղբայրներուն ու բնութեան հետ։

Աստուծմէ կը հայցեմ որ օրհնէ ձեզ ու կը խնդրեմ հաճեցէք աղօթել ինծի համար ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հրաժեշտ առնելով ներկաներնէն։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/09/2020, 12:54