Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Ֆրանչիսկոս Պապին ճառը «դեղագործական դրամատուն» հիմնարկի անդամներուն։

Նորին Սրբութիւնը խօսքը կեդրոնացուց աղքատութեան վրայ նշելով, որ ան որ աղքատութեան մէջ կ՝ապրի, ամբողջութեամբ աղքատ  է  հետեւաբար անոր առողջութիւնը առաւել եւս խոցելի է։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Շաբաթ, 19 սեպտեմբերին, Վատիկանի մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց «դեղագործական դրամատուն» հիմնարկի անդամները, հիմնարկի հիմնադրութեան 25-րդ ամեակի առիթով։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առթիւ արտասանած ճառին մէջ Ֆրանչիսկոս Սրբազան քահանայապետը ողջունելէ ետք ներկաները շնորհաւորեց վերոնշեալ հիմնարկի հիմնադրութեան 25-րդ տարեդարձը, նշելով որ հիմնարկը արդեն երկար ճամբայ կտրած է իր հիմնադրութենէն ետք, գործելով ոչ միայն իտալիոյ մէջ այլ տարբեր ազգերու ներքեւ։  

Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը կեդրոնացուց աղքատութեան վրայ նշելով, որ ան որ աղքատութեան մէջ կ՝ապրի, ամբողջութեամբ աղքատ  է հետեւաբար անոր առողջութիւնը առաւել եւս խոցելի է ։ Աղքատը երբեմն վտանգի կ՝ենթարկէ իր առողջապահութիւնը, դրամի պակասի պատճառաւ, կամ ալ որովհետեւ աշխարհի մէջ կարգ մը ժողովուրդներ զուրկ են դեղերու մատչելիութենէն։ Կայ նաեւ  «դեղագործական լուսանցքայնութիւնը»։ Այս մէկը յաւելեալ տարբերութիւն կը ստեղծէ ազգերու եւ ժողովուրդներու միջեւ։ Բարոյական գետնի վրայ, եթէ կարելիութիւնը կայ դեղով հիւանդ մը բուժելու, այս մէկը պէտք է տրամադրել բոլորին, ապա թէ ոչ անարդարութիւն կը ստեղծուի ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւելցնելով, որ բազմաթիւ անձեր, մանուկներ աշխարհի մէջ տակաւին կը մեռնին, որովհետեւ զուրկ են այն դեղերէն, որոնք տրամադրելի են այլ տարածաշրջաններուն մէջ։ Քաջատեղեակ ենք անտարբերութեան համաշխարհայնացումի վտանգէն։ Ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորելով դեղագործական դրամատուն հիմնարկի անդամները համաշխարհայնացնել բուժումը , այսինքն տրամադրել այն դեղերը, որոնք կրնան փրկել անթիւ կեանքեր՝ բոլոր ժողովուրդներուն համար։  Եւ այս մէկը կատարելու համար կարիքը կայ միասնական ջանքերուն ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ապա մաղթելով,որ գիտական հետազօտութիւնը կարենայ յառաջդիմէ, նոր լուծումներ գտնելով հին եւ նոր խնդիրներուն։

Գնահատելով ապա  հետազօտական աշխատանքները, Սրբազան Հայրը նկատել տուաւ որ  դեղագործական ընկերութիւնները, աջակցելով հետազօտութիւններուն  եւ ուղղորդելով արտադրութիւնը, կարող են առատաձեռնօրէն նպաստել դեղերու աւելի արդար բախումին, յորդորելով դեղագործները , բուժումի ծառայութիւն մատուցել կարիքաւորներուն, իսկ  կառավարիչները, օրէնսդրական եւ Ֆինանսական օրէնքներուն միջոցաւ կառուցեն աւելի արդար աշխարհ մը,  ուր աղքատները լքուած չեն։

Սրբազան հայրը ընդգծեց, թէ Համաճարակի վերջին փորձառութիւնը, առողջապահական տագնապ ըլլալէ անդին, որուն պատճառաւ մահացան աւելի քան մէկ միլիոն անձ, դարձաւ տնտեսական մեծ տագնապ, որ յառաջացուց  մեծ թիւով աղքատներ ու ընտանիքներ, որոնք չեն գիտեր ինչպէս յառաջ երթալ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յորդորեց, եղբայրսիրական գործունէութիւններու շարքին պայքարիլ նաեւ դեղագործական աղքատութեան դէմ, յատուկէն տարածելով նոր պատուաստանիւթեր համայն աշխարհի մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ եզրափակեց իր խօսքը շնորհակալութիւն յայտնելով հիմնարկի անդամներուն տածած աշխատանքներուն՝ աղքատներուն ի նպաստ։

«Դեղի հաւաքի օրը կարեւոր օրինակ է այն իրողութեան, թէ բարիքներուն եւ առատաձեռնութեան բաժնեկցութիւնը կրնայ բարելաւել մեր ընկերութիւնը եւ վկայել մերձաւորին  նկատմամբ սէրը,  որ խնդրուած է մեզմէ Աւետարանէն։

Փոխանցելով առաքելական օրհնութիւնները , ֆրանչիսկոս Պապ խնդրեց, որ աղօթեն իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/09/2020, 12:13