Որոնել

Սուրբ Ֆրանչիսկոսը հանդիպումը Եգիպտոսի Սուլթանին հետ (1219) Սուրբ Ֆրանչիսկոսը հանդիպումը Եգիպտոսի Սուլթանին հետ (1219) 

«Եղբայրները որպէս պարգեւ». Ասսիզիի Սուրբ Ֆրանչիսկոսի փորձառութիւնը։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մօտ եղբայրութիւնը վերացական տեսութիւն մը չէ, այլ Աստուծոյ շօշափելի պարգեւ բոլորին համար։ Ասսիզիի աղքատիկը մեզի կը սորվեցնէ՝ թէ այսօր եւս կարելի չէ իսկական եղբայրներ ըլլալ եթէ զիրար չի ճանչնանք որպէս միակ Հօր զաւակներ։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Վատիկան Նիուզ»ի խմբագրական կազմի փոխ տնօրէն  Տիար Ալեսսանտրօ Ճիզոթթի Քահանայապետի յառաջիկայ օրերուն՝ 3 հոկտեմբերին Ասսիզիի մէջ ստորագրելիք «եղբայրութեան» մասին նոր շրջաբերականին ի տես, հրապարակեց Սուրբ Ֆրանչիսկոս Ասսիզացիի համար եղբայրութեան արժէքի մասին  յօդուած մը։

Ունկնդրէ լուրը

«Ասսիզացիի Ֆրանչիսկոսը կը շարունակէ ներշնչում հանդիսանալ Քահանայապետին համար որ պատմութեան մէջ առաջինը եղաւ որ ընտրեց Ֆրանչիսկոս անունը։ Եթէ հինգ տարիներ առաջ Աստուծոյ եւ արարչութեան նուիրուած փառաբանութիւնը՝ Արարածներու Երգը, ներշնչեց «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականը, այս անգամ «եղբայրութիւնը» կը դառնայ Քահանայապետի ուսուցման առանցքը, որ յառաջիկայ 3 հոկտեմբերին Ասսիզիի մէջ պիտի ստորագրէ փաստաթուղթը», կը գրէ Տիար Ճիզոթթի, 15 սեպտեմբերին հրապարակած յօդուածին մէջ,  ուր կը նկարագրէ թէ ո՞վ են եղբայրները Սուրբ Ֆրանչիսկոսին համար մեկնելով անոր «կտակ»էն ուր Սուրբ խօսելով բորոտներու հետ հանդիպումի մասին կը հաստատէ «Երբ Տէրը ինծի շնորհեց եղբայրներ, ոչ մէկը ինծի ցոյց կու տար թէ ի՞նչ պէտք է ընեմ, նոյնինքն Բարձրեալը ինծի յայտնեց՝ թէ պէտք էի ապրիլ Սուրբ Աւետարանի տիպարով»։

Եղբայրները Սուրբ Ֆրանչիսկոսին կը ներկայանան նախ եւ առաջ որպէս Աստուծոյ պարգեւ։ Թէեւ անոնք իրենց հետ կը բերեն նոր իրավիճակ մը՝ որ Սուրբը կը մղեն դարձեալ օգնութիւն հայցելու Տիրոջմէն։  Եղբայրները արշաւանքի պտուղ մը չեն եւ չեն ներկայանար այնպէս ինչպէս որ մենք կը փափաքինք զանոնք։ Անոնք Արարչին կենդանի գործն են, որ ազատօրէն նուիրուած է մեզմէ իւրաքանչիւրիս։ Պարգեւ մըն են անոնք՝ ուստի կարելի չէ զանոնք ընտրել կամ սեփականացնել, այլ միայն ընկալել ու սիրել այնպէս ինչպէս որ են, իրենց տկարութիւններով եւ տարբերութիւններով։ «Տարբերութիւնները զոր Սուրբ Հոգիին շնորհիւ կը յառաջացնեն ներդաշնակութիւն», ինչպէս յարատեւ կը կրկնէ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը։

Ասսիզիի աղքատիկին համար եղբայրութիւնը վերացական տեսութիւն մը չէ, այլ շօշափելի իրականութիւն, կեանքը փոխող փորձառութիւն։ Եւ չի կարելի գոյութիւն ունենայ եղբայրութիւնը եթէ չենք ընդունիր թէ բոլորս զաւակներ ենք միակ երկնային Հօր։

Եթէ արդարեւ չընդունինք Հօր Աստուծոյ մեզի վերապահուած սիրոյ միասնական ծրագիրը, չի բաւեր եղբայրներ ու քոյրեր ըլլալը։ Աբէլը սպաննողը եղաւ իր արեան եղբայրը ու զայն սպանեց մղուած ատելութենէն, որ թակեց անոր աչքերը ու չկարողացաւ տեսնել Հօր սէրը, ուստի չի ճանչցաւ նաեւ իր հարազատ եղբայրը։

Սուրբ Ֆրանչիսկոսին Համար եղբայրութիւնը «անշարժ» պարգեւ մը չէ։ Ան կը սնանի եւ կ՛աճի սնունդ քաղելով սէրէն։ Ան ապա ճանապարհ է դէպի խաղաղութիւն։

Իտալիոյ պաշտպան սուրբին համար մեր անձին նման ուրիշներուն հոգ տանիլը աւետարանութեան առանձնաշնորհեալ ճանապարհ է։ Սուրբին համար Հօր նկատմամբ սէրը կ՛աճի անքայով որքան ան կը զօրանայ եղբայրներու նկատմամբ, որոնց դիմագիծին մէջ կը գտնենք Արարիչին յատկութիւնները։

Սէր մը՝ որ Սուրբ Ֆրանչիսկոսի մօտ կը ծաւալի ու կը դառնայ տիեզերական, որովհետեւ եղբայրութիւնը կը դառնայ ողջագուրում՝ ամէն մէկ արարածի նկատմամբ, նոյնիսկ արեւը կոչուած է եղբայր եւ լուսինը քոյր։

Ութը դարեր ետք, հակառակ եսասիրութեան աճումին ու պատնէշներու բարձրացումին աշխարհը տակաւին ծարաւն ունի եղբայրութեան ու հայրութեան։ Ան յարատեւ կը փնտռէ զանոնք։ Ասսիզիի աղքատիկին վկայութիւնը, որ ուզեց դառնալ բոլոր մարդոց եղբայրը, կը մնայ միշտ այժմէական ու մեզ կը խրախուսէ այլ մէկ Ֆրանչիսկոսի հետ միասին, քալելու եղբայրութեան ճանապարհին վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

15/09/2020, 12:30