Որոնել

1601200877283.JPG

«Չարի փոխարէն ընտրենք բարին, սուտի փոխարէն ճշմարտութիւնը, եսասիրութեան փոխարէն սէրը» Ֆրանչիսկոս Պապ։

Աստուած համբերատար է, չի յոգնիր, մեր ոչին առջեւ չի յանձնուիր։ Մեզ ազատ կը թողու նոյնիսկ երբ կը հեռանանք Իրմէ եւ կը սխալինք։ Ան սակայն անհամբեր կը սպասէ մեր այոյին, որպէսզի մեզ դարձեալ ընկալէ իր հայրական բազուկներուն մէջ, մեզ լիացնելու համար իր անհուն ողորմութեամբ։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 26 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներու մասնակցութեամբ, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը։ 

«Աստուծոյ թագաւորութիւնը քարոզելով Յիսուս կը հակառակի այն կկանութեան, որ չի ներգրաւեր մարդկային կեանքը, որ չի հարցաքններ խիղճը ու անոր պատասխանատուութիւնը՝ չարի եւ բարիի դիմաց» ըսաւ Սրբազան Պապը սկիզբ տալով օրուան խորհրդածութեան՝ որ հիմնուած էր Մատթէոս աւետարանէն քաղուած օրուան Աւետարանին վրայ (Մատթէոս 21, 28-32), ուր Յիսուս կը ներկայացնէ երկու որդիներու առակը։

Իր այգիին մէջ աշխատելու՝ հօր զաւակներուն ուղղած խնդրանքին դիմաց, առաջին զաւակը բնազդաբար ոչ կը պատասխանէ բայց ետքը կը զղջայ եւ կ՛երթայ, իսկ երկրորդ զաւակը՝ որ անմիջապէս այո կը պատասխանէ, իրականութեան մէջ չ՛երթար։

Հնազանդութիւնը չի կայանար այո կամ ոչ ըսելու մէջ, այլ գործելակերպի մէջ, այգին մշակելու մէջ, Աստուծոյ արքայութիւնը իրականացնելու մէջ։ Այս պարզ օրինակով Յիսուս կ՛ուզէ գերազանցել կրօնականութիւն մը, որ հասկցուած է՝  որպէս արտաքին սովորոյթ եւ վարժութիւն, որ ազդեցութիւն չունի կեանքի եւ մարդոց վերաբերմունքի վրայ։ 

Այս մակերեսային կրօնականութեան արտայայտիչները, զոր Յիսուս կը մերժէ,   «քահանայապետերն ու ժողովուրդի ծերերն են» (տ. 28), որոնք, ըստ Տիրոջ նախազգուշացումին, Աստուծոյ Թագաւորութեան մէջ պիտի տեսնեն թէ մաքսաւորներն ու պոռնիկները իրենցմէ  առաջ պիտի անցնին։

Այս արտայայտութիւնը պէտք չէ մեզ մղել մտածելու՝ թէ անոնք, որոնք Աստուծոյ ու  բարոյականութեան պատուիրանները չեն յարգեր լաւ ընթացքի մէջ են։ 

Յիսուս մաքսաւորներն ու պոռնիկները չի մատնանշեր որպէս կեանքի տիպար, այլ որպէս առանձնաշնորհեալները  Շնորհքին,  զոր Աստուած կը պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք իրեն կը բացուին եւ դարձի կու գան։ Բազմաթիւ մարդիկ արդարեւ մտիկ ընելով Յիսուսի խօսքերուն զղջացին եւ փոխեցին իրենց կեանքը։ 

Այսօրուայ աւետարանին մէջ ամենալաւ տպաւորութիւնը թողուց առաջին եղբայրը, ոչ թէ որովհետեւ ոչ ըսաւ իր հօրը, այլ որովհետեւ ոչ-էն ետքը ապաշխարեց ու դարձի եկաւ այոյին։ 

Աստուած համբերատար է, չի յոգնիր, մեր ոչին առջեւ չի յանձնուիր։ Մեզ ազատ կը թողու նոյնիսկ երբ կը հեռանանք Իրմէ եւ կը սխալինք։ Ան սակայն անհամբեր կը սպասէ մեր այոյին, որպէսզի մեզ դարձեալ ընկալէ իր հայրական բազուկներուն մէջ, մեզ լիացնելու համար իր անհուն ողորմութեամբ։

Աստուծոյ հաւատալը կը պահանջէ ամէն օր նորոգել ընտրանքը՝ չարի փոխարէն բարիին, սուտի փոխարէն ճշմարտութեան, եսասիրութեան փոխարէն մերձաւորի նկատմամբ սիրոյն։ 

Ան որ դարձի կու գայ եւ մեղքը փորձարկելէ ետք կը դիմէ այս ընտրանքին, Աստուծոյ թագաւորութեան մէջ պիտի գտնէ առաջին տեղերը, ուր աւելի մեծ ուրախութիւն կայ մէկ մեղաւորի համար որ դարձի կու գայ, քան ինիսուն ինը արդարներուն համար։ 

Ապաշխարութիւնը սակայն բիւրեղացումի գործընթացք մըն է։ Ապաշխարութեան ուղեւորութիւնը մշտապէս կ՛անցնի խաչի ճանապարհէն։ Չկայ սրբութիւն առանց հրաժարումի եւ հոգեւոր մարտնչումի։ 

Այսօրուայ աւետարանը կը հարցաքննէ քրիստոնէական կեանքը ապրելու ձեւը, որ երազներէ եւ ձգտումներէ չէ կազմուած, այլ շօշափելի յանձնառումներէ, որպէսզի մշտապէս աւելիով բացուինք Աստուծոյ կամքին եւ եղբայրներու նկատմամբ սիրոյն։

Սուրբ Կոյս Մարիամը մեզ օգնէ ըլլալու աւելի հլու Սուրբ Հոգիի ներգործութեան։ Ան է որ կը հալեցնէ սրտերու կարծրութիւնը ու զանոնք կը տրամադրէ զղջումի, որպէսզի ձեռք բերենք Յիսուսին խոստացած կեանքն ու փրկութիւնը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/09/2020, 12:15