Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Քահանայապետական Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը. «Աւելի լաւ է դէպի դուրս՝ արկածահար եկեղեցի մը քան հիւանդ եկեղեցի մը»։

Մեր հասարակութիւնները եւս կանչուած են դուրս գալու ամէն տեսակ «սահմաններէ» բոլորին հրամցնելու փրկութիւնը զոր Յիսուս եկաւ նուիրելու։ Կը նշանակէ բացուիլ կեանքի նոր հորիզոններուն, որոնք յոյս կը պարգեւեն անոնց որոնց սպասումի մէջ են գոյութենական արուարձաններու մէջ եւ տակաւին չի փորձարկեցին Քրիստոսի հետ հանդիպումին ուժն ու լոյսը»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Սիրելի եղբայրներ եւ քոյրեր բարի լոյս, այսօրուան Աւետարանի էջը (Մատթ. 20, 1-16) կը պատմէ օրապահիկով կոչուած այգիի մշակներուն առակը։ Սոյն պատմուածքի միջոցաւ Յիսուս մեզի ցոյց կու տայ Աստուծոյ զարմանալի վերաբերմունքի ձեւը, որ ներկայացուած է տիրոջ երկու վարուելակերպերով. Կոչումը եւ վարձատրութիւնը». Սոյն խօսքերով Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը կիրակի 20 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրին, սկիզբ տուաւ կիրակնօրեայ Մարեմեան աւանդական աղօթքի խորհրդածութեան, զոր արտասանեց իր գրասենեակի պատուհանէն, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հաւատացեալներու ներկայութեամբ։

Ակնարկելով «կոչումին», Քահանայապետը նկատել տուաւ թէ աւետարանին մէջ կալուածատէր մարդը հինգ անգամ դուրս կու գայ մշակներ վարձելու՝ որպէսզի իր այգիին մէջ աշխատին։ «Այս տէրը կը ներկայացնէ Աստուած, որ բոլորը կը կոչէ եւ կը կոչէ մշտապէս» ըսաւ Սրբազան Պապը հաստատելով՝ թէ «Աստուած այսօր եւս այդպէս կը գործէ, կը շարունակէ կոչել բոլորը, որեւէ ժամուն, հրաւիրելով գործել իրեն թագաւորութեան համար»։  

«Ասիկա Աստուծոյ ոճն է, զոր մենք եւս կանչուած ենք ընկալելու եւ ընդօրինակելու։ Ան յարատեւ դուրս կու գայ փնտռելու համար մարդիկը, որովհետեւ չուզեր, որ ոչ մէկը բացառուած ըլլայ իր սիրոյ ծրագիրէն։ Մեր հասարակութիւնները եւս կանչուած են դուրս գալու ամէն տեսակ «սահմաններէ» բոլորին հրամցնելու փրկութիւնը զոր Յիսուս եկաւ նուիրելու։ Կը նշանակէ բացուիլ կեանքի նոր հորիզոններուն, որոնք յոյս կը պարգեւեն անոնց՝ որոնք սպասումի մէջ են գոյութենական արուարձաններու մէջ եւ տակաւին չի փորձարկեցին Քրիստոսի հետ հանդիպումին ուժն ու լոյսը» յարեց հուսկ Սրբազան Պապը։

«Եթէ եկեղեցին դէպի դուրս եկեղեցի մը չէ կը հիւանդանայ։ Թէեւ շիտակ է՝ որ երբ մէկը դուրս ելլէ կարող է արկածի հանդիպիլ, սակայն աւելի լաւ է արկածահար եկեղեցի մը քան հիւանդ եկեղեցի մը» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ անդրադարձաւ Աստուած ներկայացնող տիրոջ երկրորդ վարուելակերպին. վարձատրութիւն շնորհելու կերպը։

«Ան օրուան աւարտին բոլորին կու տայ նոյն օրապահիկը անկախ անոնց աշխատած ժամերէն։ Այս իրողութեան ի տես անոնք որոնք առտուընէ ի վեր կ՛աշխատէին կը բողոքեն տիրոջ, ան սակայն կը պնդէ թէ ինք կ՛ուզէ բոլորը վարձատրել հաւասարապէս։ Եւ այստեղ ի յայտ կու գայ թէ Յիսուս չի խօսիր արդար օրապահիկի մասին այլ Աստուծոյ թագաւորութեան ու երկնային հօր բարութեան մասին» ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապը հաստատելով, որ  «Աստուած չի նայիր ժամանակին ու արդիւնքին,  այլ տրամադրութեան եւ վեհանձնութեան, որով մենք մեզ կը դնենք իր ծառայութեան տակ։ Անոր գործելակերպը կը գերազանցէ արդարութիւնը եւ կը յայտնուի շնորհքին մէջ։ Ան մեզի շնորհքը պարգեւելով մեզ աւելիով կը վարձատրէ քան մեր արժանիքը։ Եւ ասոր համար մարդկային տրամաբանութեամբ տրամաբանողը, այսինքն հմտութիւններու շնորհիւ ձեռք բերուած արժանիքներուն հիման վրայ, առաջին տեղէն ինքզինք կը գտնէ վերջին տեղը։ Իսկ ան որ խոնարհութեամբ կը վստահի Հօր Աստուծոյ ողորմութեան վերջին տեղէն կ՛անցնի առաջին տեղ»։

Սրբազան Հայրը Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կողս Մարիամի բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզ  օգնէ՝ ամէն օր զգալու Աստուծոյ կոչումին ուրախութիւնն ու զարմանքը, որ մեզ կը հրաւիրէ աշխատելու իրեն համար, իր արտին մէջ, որ է աշխարհը ու այգիին մէջ, որ է եկեղեցին։ Եւ թող սորվեցնէ ձգտիլ միակ վարձատրութեան, որ է Յիսուսին սէրը եւ բարեկամութիւնը որ մեզի համար ամէն ինչ կը նշանակէ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/09/2020, 12:08