Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութեան առանցքը կազմեց «Եղբայրական սրբագրումը»։

Միայն Հայրն է որ կարող է աւելի մեծ սէր ցուցաբերել՝ Յիսուսին սէրը որ ընկալեց հեթանոսներն ու մաքսաւորները եւ գայթակղութիւն պատճառեց այդ ժամանակուայ լաւամտածողներուն։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 6 սեպտեմբեր 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած  կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի ընթացքին ներկայացուց աւանդական խորհրդածութիւնը զոր հիմնուած էր Մատթէոս աւետարանիչէն քաղուած հատուածին վրայ (Մատթէոս 18, 15-20), ուր «Յիսուս կը խօսի եղբայրական սրբագրումի մասին ու մեզ կը հրաւիրէ խորհրդածելու քրիստոնէական գոյութեան կրկնակի ոլորտի մասին՝ հասարակականը, որ կը պահանջէ հաղորդութեան պաշտպանութիւնը եւ անձնականը՝ որ ուշադրութիւն եւ յարգանք կը պահանջէ իւրաքանչիւր անհատի խիղճին համար» ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը։

Սրբագրելու համար սխալի մէջ ինկած եղբայր մը Յիսուս կ՛առաջարկէ սրբագրումի մանկավարժութիւն մը բաժնուած  երեք մասերու. Առաջին հերթին Յիսուս կ՛ըսէ «Եթէ եղբայրդ քեզի դէմ մեղանչէ, գնա յանդիմանէ զայն, երբ որ երկուքդ առանձին էք», այսինքն հրապարակի վրայ չի դնել անոր մեղքը, անոր մօտ երթալ օգնելու համար զայն առանց հաշիւ խնդրելու անորմէ։

Յիսուս ապա կ՛ըսէ «եթէ եղբայրդ մտիկ չընէ քեզի՝ հետդ մէկ կամ երկու հոգի եւս առ, որպէսզի «երկու կամ երեք վկաներու բերնով հաստատուի ամէն ամբաստանութիւն», ասիկա մովսիսական օրէնք մըն է զոր Յիսուս կ՛առաջարկէ սակայն նկատի առնելով որ հաւանութիւն կայ թէ սրբագրելու փորձը յաջողութիւն չի գտնէ կը խնդրէ երրորդ քայլը առնել ու մեղքերը ներկայացնել հասարակութեան այսինքն Եկեղեցւոյ։

Արդարեւ հարցերը յաճախ անտարբեր չեն թողուր այլ եղբայրները ու անհրաժեշտ է աւելի մեծ սէր մը,  շահելու համար եղբայրները։ Սակայն երբ այս մէկն ալ յաջողութիւն չի գտնէ Յիսուս կ՛ըսէ. «Իսկ եթէ անոնց ալ մտիկ չընէ՝ զինք նկատէ հեթանոս մը եւ կամ մաքսաւոր մը»։

Սոյն արտայայտութիւնը արդարեւ հրաւէր մըն է եղբայրը յանձնելու Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ, որովհետեւ միայն Հայրն է որ կարող է աւելի մեծ սէր ցուցաբերել՝  Յիսուսին սէրը որ ընկալեց հեթանոսներն ու մաքսաւորները եւ գայթակղութիւն պատճառեց այդ ժամանակուայ  լաւամտածողներուն։

Այս խօսքերը ուրեմն վերջնական դատապարտումի խօսքեր չեն, այլ խօսեր՝ ընդունելու համար թէ յաճախ մարդկային փորձերը կարող են ձախողիլ ու թէ միայն Աստուծոյ առջեւ դէմ դիմաց գտնուիլն է որ կարող է մեր եղբայրը դնել իր խղճի ու արարքներու պատասխանատուութեան առջեւ։

Նշենք թէ Քահանայապետը՝ ի մէջ այլոց դատապարտեց «շատախօսութիւնը - չարախօսութիւնը» զայն որակելով սատանայի գործ եւ Քովիտ ժահրէն աւելի ծանր ախտ մը» ու հրաւիրեց հեռու մնալու այդ արարքէն։ 

Ան ապա խորհրդածութիւնը եզրափակեց հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի օգնութիւնը՝ որպէսզի  եղբայրական սրբագրութիւնը դարձնենք առողջ սովորութիւն, որպէսզի մեր հասարակութիւններուն մէջ միշտ աւելիով հաստատուին եղբայրական նոր յարաբերութիւնները հիմնուած փոխադարձ  ներումի վրայ ու յատկապէս Աստուծոյ ողորմութեան անյաղթ զօրութեան վրայ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/09/2020, 12:11