Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապ Ֆրանչիսկոս Պապ 

«Եկուր եւ Տես» (Յովհ. 1, 46). Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն Համաշխարհային 55-րդ օրուան բնաբանը։

Հրապարակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի 2021-ի Ընկերային հաղորդակցութեան միջոցներուն Համաշխարհային 55-րդ օրուայ պատգամին բնաբանը քաղուած Յովհաննէսի աւետարանէն «Եկուր եւ Տես» (Յովհաննէս 1, 46). Հաղորդել հանդիպելով մարդոց, այնպէս ինչպէս որ են եւ այնտեղ ուր որ կը գտնուին».

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկուր եւ տես». Փիլիպպոս առաքեալի սոյն բառերը Աւետարանին մէջ կեդրոնական տեղ կը գրաւեն. Քրիստոնէական աւետիսը բառերէ առաջ, հայեացքի հարց է, վկայութեան, փորձառութեան, հանդիպումի, մօտիկութեան հարց, մէկ բառով՝ կեանք։  Յովհաննէսի Աւետարանին մէջ (Յովհ. 1, 43-46) նշուած սոյն խօսքերը Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ ընտրուեցան, որպէս բնաբան՝ Ընկերային հաղորդամիջոցներու Համաշխարհային 55-րդ օրուայ, որ պիտի  յիշատակուի 2021-ի մայիս ամսուայ մէջ։ Պատգամին ենթատիտղոսն է  «Հաղորդել՝ հանդիպելով մարդոց, այնպէս ինչպէս որ են եւ  այնտեղ ուր որ կը գտնուին».

Ունկնդրէ լուրը

Հետեւեալ օրը Յիսուս ուզեց Գալիլեա երթալ եւ հանդիպելով Փիլիպպոսին՝ ըսաւ անոր. «Հետեւէ ինծի»։ Փիլիպպոս Բեթսայիդայէն էր։ Անդրէասի  եւ Պետրոսի քաղաքէն։ Փիլիպպոս հանդիպեցաւ Նաթանայէլին, եւ ըսաւ անոր. «Գտանք Յիսուսը. Յովսէփի որդին, Նազարէթէն, որուն մասին Մովսէս գրած է Օրէնքին մէջ. Ինչպէս նաեւ մարգարէները։ Նաթանայէլ պատասխանեց. «Կարելի՞ է Նազարէթէն բարի բան մը ելլէ»։Փիլիպպոս ըսաւ անոր. «եկուր եւ տես»։

Մեր ապրած  դարաշրջանային յեղաշրջումը, ժամանակի մը ընթացքին երբ,  համաճարակի պատճառաւ պարտադրուած ենք ընկերային հեռաւորութեան, հաղորդակցութիւնը կարող է կարելի դարձնել անհրաժեշտ մօտիկութիւնը,  իրազեկ դառնալու  հիմնականին  ու հասկնալու համար իրերու իսկական իմաստը։

Ճշմարտութիւնը չենք ճանչնար եթէ չապրինք անոր փորձառութիւնը, եթէ մարդոց չի հանդիպինք. Եթէ անոր ուրախութիւններուն ու ցաւերուն մասնակից չի դառնանք։ Հին ասացուածքը «Աստուած քեզի կը հանդիպի այնտեղ ուր որ ես», կարող է ըլլալ ուղեցոյց անոնց համար, որոնք յանձնառու են եկեղեցւոյ հաղորդակցութեան եւ լրատուական  ասպարէզէն ներս։

Առաջին աշակերտներու կոչումին մէջ, Յիսուսին հետ՝ որ կ՛երթայ անոնց հանդիպելու եւ զանոնք կը հրաւիրէ իրեն հետեւելու, ականատէս ենք նաեւ հրաւէրին բոլոր լրատուամիջոցները օգտագործելու, իրենց բոլոր ձեւերով, հասնելու համար մարդոց այնպէս ինչպէս որ են եւ այնտեղ ուր ալ որ գտնուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/09/2020, 12:17