Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
«Յառաջիկայ 2 սեպտեմբեր 2020էն սկսեալ կը վերսկսին հաւատացեալներու մասնակցութեամբ քահանայապետական չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները»։ Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը յղում կատարելով Քահանայապետական Տան կառավարութեան մէկ հաղորդագրութեան, որուն մէջ ընդգծուած է թէ « Իշխանութիւններուն առողջապահական ցուցմունքներուն հետեւելով, Սեպտեմբեր ամսուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնները տեղի պիտի ունենան առաքելական պալատի «Սան Տամազոյի Գաւիթ»ին մէջ, ժամը 9.30ին։
Ունկնդրութեան մասնակցելու կարելիութիւնը բաց է բոլոր փափաքողներուն՝ առանց տոմսի անհրաժեշտութեան։
Մուտքը կարելի է ժամը 7.30 սկսեալ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակի Պրօնզէ դռնէն որ կը գտնուի հրապարակի աջ կողմը։
Նշենք թէ համաճարակի տարածման բերումով եւ անոր կանխարգիլման համար որդեգրուած միջոցներու հետեւանքով, մարտ ամիսէն ի վեր հրապարակային ունկնդրութիւնները տեղի կ՛ունենային ուղիղ եթերի սփռումով, առաքելական պալատի մատենադարանէն, առանց հաւատացեալներու մասնակցութեան։