Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Հինգշաբթի, 20 օգոստոսին, Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը հրապարակեց նոր թուիթ մը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Սուրբ Հոգիին նուիրուած յատուկ աղօթքէ մը։
Թուիթին մէջ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրեց Սուրբ Հոգիին աղօթել, հայեցելով որ մեզ օգնէ միշտ աւելիով ճանչնալու Աստուծոյ Ողորմած սէրը, որպէսզի մենք մեր կարգին կարենանք Աստուծոյ Սէրն ու ճշմարտութիւնը տարածել ուր որ ալ կը գտնուինք։
«Թող Սուրբ հոգին մեր մէջ աճեցնէ Աստուծոյ ճանաչողութիւնը,որպէսզի կարենեանք Աստուծոյ սէրն ու ճշմարտութիւնը տարածել աշխարհի մէջ։»