Որոնել

Աղօթք Աղօթք 

«Միայն աղօթքը կը քայքայէ շղթաները» Ֆրանչիսկոս Պապին 13 օգոստոսի թուիթը։

«Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը որպէսզի գիտնանք աղօթել մէկը միւսն համար»

Ռոպէր Աթարեան - Վատիկան

«Աստուած մեզմէ կը սպասէ որ երբ աղօթենք յիշենք նաեւ ան որ մեր նման չի մտածեր, ան որ մեր առջեւ դուռը փակեց, ան որ դժուարութիւն ունինք ներելու։ Միայն աղօթքը կ՛ազատէ շղթաներէն, միայն աղօթքն է որ միութեան ճանապարհը կը հարթէ»։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հինգշաբթի 13 օգոստոսին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած էր Նորին Սրբութեան անցեալ 29 Յունիսին՝ Սուրբ Պետրոսի եւ Սուրբ Պօղոս առաքելապետերու տօնին առթիւ արտասանած քարոզէն, ուր Ան հրաւէր ուղղած էր քրիստոնեաներուն՝ աղօթելու այնպէս ինչպէս կ՛ընէին առաջին քրիստոնեաները. աղօթելու նաեւ հակառակորդներուն համար, աղօթելու ղեկավարներուն համար, աղօթելու դժուար պահերու ընթացքին, առանց մեղադրելու այս կամ այն անձը՝ առանց քննադատելու։

Ունկնդրէ լուրը

Ան ապա որպէս օրինակ անդրադարձած էր քրիստոնեաներու աղօթքին Պետրոսին համար, երբ կը գտնուէր բանտին մէջ։ Անոնց թախանձագին աղօթքին շնորհիւ բանտերու դռները բացուեցան եւ շղթաները քայքայուեցան ու Պետրոս դուրս եկաւ անկէ։

«Ի՞նչ պիտի պատահէր եթէ փոխանակ շատախօսութեան աւելիով աղօթէինք» հարց ուղղած էր այդ օրը Սրբազան Պապը, ու հաստատած՝ թէ պիտի պատահէր նոյն բանը զոր պատահեցաւ Պետրոսին. շատ մը դռներ որոնք կը բաժնեն պիտի բացուին, շատ մը շղթաներ որոնք անշարժութեան կը մատնեն պիտի քայքայուին։  

«Հայցենք Տիրոջմէ շնորհքը, որպէսզի գիտնանք աղօթել մէկը միւսին համար» թելադրած էր հուսկ Ֆրանչիսկոս Պապը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/08/2020, 13:30