Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Շաբաթ, 22 օգոստոսին, կրօնքի, դաւանանքի վրայ հիմնուած զոհերու միջազգային 2-րդ օրուան առիթով, ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը, Քահանայապետական թուիթերեան կայքին վրայ հրապարակեց նոր թուիթ մը, խնդրելով դադրեցնել կրօանկան շահագործումները, ատելութիւն, բռնութիւն, ծայրայեղականութիւն եւ կոյր մոլեռանդութիւն հրահրելու համար։
«Աստուած մէկու մը պաշտպանութեան պէտքը չունի, եւ չ՝ուզեր որ իր Անունը օգտագործուի ժողովուրդը վախցնելու համար։Բոլորէն կը խնդրեմ , դադրեցնել կրօններու շահագործումը՝ ատելութիւն, բռնութիւն, ծայրայեղականութիւն եւ կոյր մոլեռանդութիւն հրահրելու համար»։ գրած է ֆրանչիսկոս Պապ իր այսօրուան թուիթին մէջ։