Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին սեպտեմբեր ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզը։Աշխարհի հարստութիւնները կիսել  Հաւասար եւ արդար կերպով

Սեպտեմբեր ամսուան, ֆրանչիսկոս Պապին, աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզի մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պապին նոր տեսերիզը մաս կը կազմէ «Արարչագործութեան ժամանակ» ծրագիրին, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը յորդորէ պատասխանատուութեամբ հոգ տանիլ արարչագործութեան ՝ աշխարհի բարիքները կիսելով արդար եւ յարգալից կերպով։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Սեպտեմբեր ամսուան, ֆրանչիսկոս Պապի աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզի մասին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ նշուած է, որ Պապին նոր տեսերիզը մաս կը կազմէ «Արարչագործութեան ժամանակ» ծրագիրին, որուն մէջ Սրբազան Հայրը կը յորդորէ պատասխանատուութեամբ հոգ տանիլ արարչագործութեան ՝ աշխարհի բարիքները կիսելով արդար եւ յարգալից կերպով։

Ի տես ֆրանչիսկոս Պապին «Գովեալ Ըլլաս» շրջաբերականին 5- րդ տարեդարձին եւ ի տես «արարչագործութեան ժամանակ» ծրագիրին, որ կը նշուի սեպտեմբեր  1-էն - 4 հոկտեմբեր  եւ որուն կարելի է մասնկացիլ #TempoDelCreato, հաշդակով, Ֆրանչիսկոս Պապ սետպեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ  բնապահպանողական պարտքին գծով, որ կը յառաջանայ բնական հարստութիւնները քամելու եւ շահագործումին միջոցաւ։ Նորին Սրբութիւնը  կը յորդորէ  բնական հարստութիւնները կիսել արդար եւ յարգալից կերպով ։

«Աշխարի բարիքները կը քամենք՝  նարինջ մը քամելու նման։ Հիւսիսային երկիրներն ու գործարանները կը հարստանան  շահագործելով հիւսիսի բնական պարգեւները, ստեղծելով  բնապահպանողական պարտք.  ո՞վ պիտի վճարէ այդ պարտքը։

Աւելին, բնապհպանողական պարտքը կ՝աճի երբ բազմազգ ընկերութիւնները իրենց երկիրներէն կ՝արտահանեն այն ինչ, որ իրենց երկիրներու մէջ թոյլատրելի է։ Այսօր, եւ ոչ թէ վաղը, այսօր՝ պէտք որ պատասխանատուութեամբ հոգ տանինք արարչագործութեան։

Աղօթենք, որպէսզի երկիր մոլորակի հարստութիւնները չթալանուին, այլ կիսուին  հաւասար եւ յարագալի կերպով։ Ոչ թալանին այո՛ բաժանումին։»  ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ սեպտեմբեր ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

31/08/2020, 17:00