Որոնել

Երիտասարդներու հաւաքը Մետժուկորէի մէջ Երիտասարդներու հաւաքը Մետժուկորէի մէջ  

«Յիսուսն է կեանքին լիարժէք իմաստ տուողը». Ֆրանչիսկոս Պապը Մետժուկորէի երիտասարդներուն։

Տիրոջ հետ մնալ կը նշանակէ իմաստ տալ կեանքին։ Ան ամէն ինչ նոր կը դարձնէ։ Յիսուսին հանդիպելով ամէն մէկ անհատ կը նորոգուի ու Անորմէ կ՛ընդունի առաքելութիւնը՝ այդ փորձառութիւնը փոխանցելու նաեւ ուրիշներուն.
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Եկէք եւ տեսէք» (Յովհ 1, 39) բնաբանն է «Մլատիֆեսթ» երիտասարդներու աղօթքի միջազգային հաւաքին, որ մէկէն վեց օգոստոսին տեղի կ՛ունենայ Մետժուկորէի մէջ։ Աղօթքի, քրիստոնէականի եւ եղբայրութեան հանդիպում մը, որուն Նորին Սրբութիւնը ուզեց իր պատգամը ուղարկել հրաւիրելով երիտասարդները «վազելու» դէպի Յիսուս, աջակցութեամբ Սուրբ Հոգւոյն, փնտռել Յիսուսը, յանձնուիլ Անոր եւ վկայել Զայն։ 

Հանդիպիլ  Յիսուսին՝ յատկապէս Սուրբ Հաղորդութեան եւ հաշտութեան խորհուրդին մէջ։ Ոչ թէ «ժամանակաւորի մշակոյթը» ոչ թէ «յարաբերականութիւնը» այլ «վստահ եւ իսկական պատասխաններ»։ «Եկէք եւ տեսէք» Յիսուսին աշակերտներուն ուղղած հրաւէրը օրհնութիւն մըն է, նաեւ ձեզի համար, սիրելի երիտասարդներ, որովհետեւ Յիսուս ձեզի եւս կ՛ուղղէ իր հայեացքը ու ձեզ կը հրաւիրէ երթալու ու իր հետ մնալու»։

«Տիրոջ հետ մնալ կը նշանակէ իմաստ տալ կեանքին։ Ան ամէն ինչ նոր կը դարձնէ։ Յիսուսին հանդիպելով ամէն մէկ անհատ կը նորոգուի ու Անորմէ կ՛ընդունի առաքելութիւնը՝ այդ փորձառութիւնը փոխանցելու նաեւ ուրիշներուն. սակայն միշտ հայեացքը ուղիղ կերպով սեւեռած Տիրոջը։ Ասոր համար ժամանակ գտէք Յիսուսին մօտ երթալու, Անոր հետ մնալու, Ան մարդկային սրտի մասնագէտ է» կը գրէ Նորին Սրբութիւնը  երիտասարդներուն ուղղած պատգամին մէջ, անոնց առաջարկելով նաեւ՝ որպէս տիպար ընտրել Սուրբ Կոյս Մարիամը, որ իր «այո» ով եւ իր ահաւասիկ Տիրոջ աղախինն եմ ես, գրաւի տակ դրաւ իր կեանքը։ Ան ամենալաւ օրինակն է, որ մեզի կը պատմէ թէ ինչ կը պատահի երբ մարդը իր ազատութեան միջոցաւ կը յանձնուի Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ։  

«Մարիամը Մայրն է որ կը հսկէ մեր վրայ, իրեն զաւակները, որոնք կը քալեն յաճախ յոգնած ու կարիքաւոր, սակայն միշտ այն իղձով որ յոյսին լոյսը երբեք չի մարի։ Այս է որ կը փափաքին. Յոյսին լոյսը թող երբեք չի մարի» շեշտեց Սրբազան Պապը որ ապա մէջբերում կատարեց «Քրիստոս կ՛ապրի» յետ սիւնհոդոսական առաքելական յորդորագիրէն. «Վազեցէք ներքաշուած այնքան սիրուած այդ դէմքէն, զոր կը պաշտենք Սուրբ Հաղորդութեան մէջ եւ կը ճանչնաք մեր տառապեալ եղբօր մէջ։ Սուրբ Հոգին այդ վազքին մէջ ձեզ մղէ դէպի յառաջ։ Եկեղեցին պէտք ունի ձեր սլացքին, ձեր պատկերացումներուն, ձեր հաւատքին»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/08/2020, 15:00