Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապին օգնութեան կրկնակի կոչը ի նպաստ Լիբանանին։

Նորին Սրբութիւնը յիշեց նաեւ Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ադոմական ռմբակոծումները ապա Լիբանանի եպիսկոպոսները, քահանաներն ու կղերական դասը հրաւիրեց՝ ապրելու Աւետարանական Հոգիով, առանց շռայլութեան ու մօտիկ ըլլալու տառապեալ ժողովուրդին, կոչ ուղղելով նաեւ միջազգային հասարակութեան վեհանձն օգնութիւն մատուցելու Լիբանանին։

Ռոպէր Աթթարեեան - Վատիկան

Կիրակի 9 օգոստոս 2020-ին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը նախ յիշեց 75 տարիներ առաջ 6 եւ 9 օգոստոս 1945-ին Հիրոշիմայի եւ Նակազաքիի ադոմական ռմբակոծումները, հրաւէր ուղղելով աղօթելու եւ յանձնառու ըլլալու ի նպաստ առանց հիւլէական զէնքերու աշխարհի մը։

Ունկնդրէ լուրը

«Այս օրերուն իմ մտածումս յաճախ կը վերադառնայ Լիբանան» ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը, ակնարկելով անցեալ երեքշաբթի օրուայ աղէտին, որ «բոլորը կը հրաւիրէ, սկսեալ լիբանանցիներէն, համագործակցելու այդ սիրեցեալ երկրի հասարակաց բարիքին ի նպաստ» յարեց Նորին Սրբութիւնը հաստատելով՝ որ «Լիբանանը ունի իւրօրինակ ինքնութիւն մը, որ արդիւնքն է տարբեր մշակոյթներու հանդիպումին, որ ժամանակներու ընթացքին ի յայտ եկաւ որպէս միասին ապրելու  օրինակ»։

«Վստահաբար այս համակեցութիւնը այժմ շատ դիւրաբեկ է բայց կ՛աղօթեմ, որպէսզի Աստուծոյ օգնութեամբ եւ բոլորի հաւատարիմ մասնակցութեամբ, ան կարողանայ վերածնիլ ազատ եւ զօրեղ։ Լիբանանի եկեղեցին կը հրաւիրեմ ըլլալու մօտիկ ժողովուրդին, անոր Գողգոթայի ընթացքին, այնպէս ինչպէս կ՛ընէ այս օրերուն, զօրակցութեամբ եւ կարեկցութեամբ, բաժնեկցութեան բաց սրտով եւ ձեռքերով»։

«Կը վերանորոգեմ ապա կոչս՝ ի նպաստ վեհանձն օգնութեան, համայն միջազգային հասարակութեան կողմէ։  Եւ Լիբանանի եպիսկոպոսներէն, քահանաներէն ու կղերական դասէն կը խնդրեմ մօտիկ ըլլան ժողովուրդին եւ ապրին կեանք մը՝ հիմնուած Աւետարանական աղքատութեան վրայ, առանց շռայլութեան,  որովհետեւ ժողովուրդը կը տառապի ու մեծապէս  կը տառապի» աւելցուց Սրբազան Պապը հուսկ ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները, յատուկ հրաւէր ուղղելով նաեւ մասնակցելու «Tour de Pologne» հեծանիւի միջազգային մրցումին, որ այս տարի պիտի նշուի ի յիշատակ Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բին, անոր ծննդեան հարիւր ամեակին առթիւ։

Քահանայապետը Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ սովորութեան համաձայն խնդրելով՝ որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2020, 12:13