Վատիկան Նիուզ
«Հինգշաբթի 27 օգոստոսի կէսօրէն ետք, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը այցելեց Հռոմի Քամփօ Մարցիօ թաղամասի Սուրբ Օգոստինոսի Պազիլիքան» Լուրը կը հաղորդէ Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի տնօրէն Տիար Մաթթէօ Պրունին, նշելով որ այցելութիւնը կայացաւ ճիշդ Սուրբին մօր Սրբուի Մոնիքայի տօնին առթիւ ու թէ Քահանայապետը Պազիլիքային մէջ աղօթեց Սրբուհի Մոնիքայի մատրան մէջ ուր նաեւ պահպանուած է Անոր դամբանը։
Աղօթքի աւարտին Քահանայապետը վերադարձ կատարեց Վատիկան։