Որոնել

Քահանայապետը կոչ ուղղեց Արևելեան Միջերկրականի մէջ լարուածութիւններուն ի տես ու յիշեց Արարչագործութեան աղօթքի օրը։

«Խնդրեմ կոչ կ՛ուղղեմ կառուցողական երկխօսութեան եւ միջազգային իրաւունքի յարգանքին լուծելու համար հակամարտութիւնները, որոնք կը սպառնան այդ շրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 30 օգոստոս 2020-ի կէսօրին, իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան աղօթքի աւարտին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը խօսքը ուղղելով Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած ուխտաւորներուն, յիշեցուց թէ միւս օրը՝ սեպտեմբերի մէկին, կը նշուի «Արարչագործութեան խնամքի աղօթքի միջազգային օրը»։

«Այդ թուականէն ու մինչեւ 4 հոկտեմբեր, այլ եկեղեցիներու եւ աւանդութիւններու պատկան մեր քրիստոնեայ եղբայրներուն հետ միասին պիտի տօնախմբենք Երկրին Յոբելեանը, յիշատակելու համար Երկրին Օրուան հաստատումին 50 ամեակը», ըսաւ Սրբազան Պապը ողջունելով այդ ուղղութեամբ աշխարհի մէջ կազմակերպուած զանազան ձեռնակները, որոնց շարքին յիշեց համերգը, որ տեղի կ՛ունենայ այսօր Մաուրիցիուս կղզիի մայրաքաղաք՝ Փորթ Լուիսի մէջ, ուր, դիտել տուաւ Սրբազան Պապը, դժբախտաբար վերջերս տեղի ունեցաւ բնապահպանական աղէտ մը։

Կոչ կառուցողական երկխօսութեան եւ միջազգային իրաւունքի յարգանքին 

Նորին Սրբութիւնը հուսկ նշեց թէ մտահոգութեամբ կը հետեւի արեւելեան Միջերկրականի շրջանի մէջ լարուածութիւններուն որ յատկանշուած են անկայունութեան տարբեր բռնկումներով։

Յայտնենք թէ վերջին շաբաթներու ընթացքին Միջերկրական ծովի արևելեան տարածքին մէջ Յունաստանի և Թուրքիայի միջև աճող լարուածութիւնը ծագած է մէկ տասնամեակ առաջ յայտնաբերուած հսկայական նաւթի և կազի հանքավայրերու շուրջ: Վերջերս ծովային համաձայնագրեր կնքած երկու երկրները ՝ Թուրքիան անցեալ տարի Լիպիայի հետ, Յունաստանը՝ Եգիպտոսին հետ մէկ ամիս առաջ, ըստ էութեան կը հակասէ իրենց տարածքային ջուրերի համապատասխան սահմաններու մեկնաբանութեան, հետևաբար ՝ հետախուզման իրաւունքին և այդ հանքավայրերու օգտագործումին։

«Խնդրեմ, կոչ կ՛ուղղեմ կառուցողական երկխօսութեան եւ միջազգային իրաւունքի յարգանքին, լուծելու համար հակամարտութիւնները, որոնք կը սպառնան այդ շրջանի ժողովուրդներու խաղաղութեան», յարեց հուսկ Նորին Սրբութիւնը ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց հրապարակ ժամանած ուխտաւորներու զանազան խումբերուն ու Մարեմեան աղօթքը աւարտեց բոլորին մաղթելով բարի կիրակի եւ խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2020, 12:42