Որոնել

Մանուկներ աղօթքի մէջ Մանուկներ աղօթքի մէջ 

Ֆրանչիսկոս Պապը 250 հազար եւրօ յատկացուց Լիբանանի Եկեղեցւոյ որպէս օգնութիւն

Սոյն օգնութիւնը կ՛ուզէ ըլլալ Նորին Սրբութեան հոգատարութեան նշան, հանդէպ բնակչութեան որ թիրախ եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին:
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան Բաժանմունքի միջոցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը 250 հազար Եւրօ օժանդակութիւն տրամադրած է Լիբանանի Եկեղեցւոյ, այս դժուար ու ցաւալի պահուն առթիւ»։  Այս կը կարդանք  Մարդկային համապարփակ խթանման ծառայութեան Բաժանմունքի 7 օգոստոսին հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ ուր կը նշուի նաեւ թէ «սոյն օգնութիւնը կ՛ուզէ ըլլալ Նորին Սրբութեան հոգատարութեան նշան, հանդէպ բնակչութեան որ թիրախ եղաւ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումին, եւ հայրական մօտիկութիւն՝  անոնց որոնք կը գտնուին ցաւի մէջ ու պահանջը ունին անմիջական օգնութեան»։

Գումարը  փոխանցուեցաւ Պէյրութի Առաքելական Նուիրակութեան ու պիտի ծառայէ օգնութեան հասանելու ահաւոր պայթումէն վնասուած անձերուն, որ  պատճառեց նաեւ բազմաթիւ զոհեր եւ վիրաւորներ, կործանելով կառոյցներ, շէնքեր, եկեղեցիներ, վանքեր ու առողջապահական կեդրոններ։

Կաթողիկէ կառոյցները անմիջապէս արձագանքեցին «հրատապ պահանջներուն»,  բանալով իրենց «տեղահաններու հիւրընկալութեան կեդրոնները, Լիբանանի Քարիթասի, Միջազգային Քարիթասի եւ քոյր միւս քարիթասներու հետ միասին» կը նշուի միշտ հաղորդագրութեան մէջ։

Բոլորս կը միանանք Ֆրանչիսկոս Պապին անցեալ 5 օգոստոսին հրաւէրին. «Աղօթենք զոհերուն ու անոնց ընտանիքներուն համար եւ աղօթենք Լիբանանի համար, որպէսզի բոլոր ընկերային, քաղաքական եւ կրօնական բաղադրիչներու յանձնառութեամբ, կարողանայ դիմագրաւել այս պահը որ այնքան աղէտալի եւ ցաւալի է եւ միջազգային ընտանիքին օգնութեամբ յաղթահարէ այս ծանր ճգնաժամը»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2020, 15:09