Որոնել

«Տէր փրկէ զիս». Ֆրանչիսկոս Պապին կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Աստուած փոթորիկը, հրդեհը եւ երկրաշարժը չէ, Ան այդ թեթեւ քամին է որ ինքզինք չի պարտադրեր սակայն կը խնդրէ ունկնդրել։ Հաւատք ունենալ կը նշանակէ փոթորիկին մէջ սիրտը բաց պահել Աստուծոյ, Անոր սիրոյն, Անոր քնքշութեան։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 9 օգոստոս 2020-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց կիրակնօրեայ մարեմեան աղօթքը որուն ընթացքին ներկայացուց օրուան աւետարանին վրայ հիմնուած խորհրդածութիւն մը մեկնաբանելով Մատթէոս Աւետարանիչի Յիսուսին ջուրերուն վրայէն քալելու դէպքը (Մատթ. 14, 22-33)։

«Այս կիրակի օրուայ աւետարանական հատուածը մեզի կը պատմէ Յիսուսի մասին, որ կը քալէ փոթորիկի մէջ գտնուող լիճի ջուրերուն վրայ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը անդրադառնալով այդ դէպքի մանրամասնութիւններուն։

Յիսուսի աշակերտները նաւակի մէջ էին երբ փոթորիկ մը կը ծագի ու նաւը կը գտնուի ալեկոծութեան մէջ  քամիին պատճառաւ,անոնք  յանկարծ կը տեսնեն մէկ մը՝ որ ջուրերուն վրայ քալելով իրենց կը մօտենար։ Ապշահար կը մտածեն թէ ուրուական մը ըլլար ու վախեցած կը սկսին  պոռալ։ Յիսուս զանոնք կը հանդարտեցնէ ըսելով «Քաջութիւն ես եմ մի վախնաք»։ Պետրոս առ այդ Անոր կ՛ըսէ.  «Տէր եթէ իսկապէս դուն ես, հրամայէ ինծի քու մօտդ գամ ջուրերուն վրայ»։ Յիսուս անոր կ՛ըսէ «եկուր»։ Պետրոս նաւէն իջնելով մի քանի քայլ կը կատարէ սակայն հովէն ու ալիքներէն վախնալով  կը սկսի ընկղմիլ։  «Տէր ազատէ ինծի» կ՛ըսէ Ան եւ Յիսուս անոր ձեռքէն բռնելով կը փրկէ անոր կեանքը եւ կ՛ըսէ «Թերահաւա՛տ, ինչո՞ւ կասկածեցար»։

«Այս դէպքը հրաւէր մըն է որպէսզի վստահութեամբ յանձնուինք Աստուծոյ՝ կեանքի ամէն մէկ պահու ընթացքին, ու մասնաւորապէս վրդովումի եւ փորձանքի ժամանակ» ըսաւ Նորին Սրբութիւնը։

«Երբ մենք զօրեղ կը զգանք տատամսումն ու վախը ու մեզի կը թուի որ ընկղմելու եզրին ենք պէտք չէ ամչնանք Պետրոսի նման պոռալու. «Տէր փրկէ զիս»։ Գեղեցիկ աղօթք մըն է այս մէկը։ Եւ Յիսուսին արարքը որ շուտով իր ձեռքը կ՛երակրէ ու կը բռնէ իր բարեկամին ձեռքը, արժանի է խոկումի. Յիսուսը այս է, Հօր Աստուծոյ զօրեղ եւ հաւատարիմ ձեռքը, որ մշտապէս կը փնտռէ մեր բարիքը» աւելցուց Սրբազան Քահանայապետը։

Աստուած փոթորիկը, հրդեհը եւ երկրաշարժը չէ,  Ան այդ թեթեւ քամին է, որ ինքզինք չի պարտադրեր սակայն կը խնդրէ ունկնդրել։ Հաւատք ունենալ կը նշանակէ փոթորիկին մէջ սիրտը բաց պահել Աստուծոյ, Անոր սիրոյն, Անոր քնքշութեան։ Այս է այն ինչ որ Յիսուս ուզեց սորվեցնել Պետրոսին եւ աշակերտներուն, եւ այսօր նաեւ մեզի։

Ան քաջատեղեակ է՝ որ մեր հաւատքը աղքատ է ու մեր ուղեւորութիւնը դժուար, ու հակառակ ուժերէ հակազդուած։ Սակայն Ան Յարուցեալն է, Տէրը որ անցաւ մահէն մեզի բերելու համար փրկութիւնը։ Նախ քան որ մենք սկսինք զինք փնտռելու  Ան արդեն ներկայ է մեր մօտը ու մեզ վեր կանգնեցնելով մեր անկումներէն մեզ աճեցնել կու տայ հաւատքին մէջ։

Փոթորիկի թիրախ նաւը պատկերն է Եկեղեցւոյ, որ ամէն մէկ դարաշրջանի ընթացքին կը հանդիպի հակառակ հովերու եւ շատ անգամ ծանր փորձանքներու, ինչպէս էին անցեալ դարու երկար եւ դաժան հալածանքները։

Այս պահերուն կարելի է ապրիլ փորձութիւնը մտածելու թէ Աստուած լքեց իր եկեղեցին։ Բայց իրականութեան մէջ ճիշդ այդ  պահուն է՝ որ աւելիով կը ցոլայ հաւատքի,սիրոյ եւ յոյսին վկայութիւնը։

Յարուցեալ Քրիստոսին ներկայութիւնը եկեղեցւոյ մէջ կու տայ վկայութեան շնորհքը մինչեւ մարտիրոսութիւն, որմէ ծնունդ կ՛առնեն նոր քրիստոնեաներ եւ խաղաղութեան ու հաշտութեան պտուողները՝ համայն աշխարհին համար։

Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը մեզ օգնէ յարատեւելու հաւատքի ու եղբայրական սիրոյ մէջ, երբ խաւարն ու փոթորիկը տագնապի մէջ կը դնեն մեր Աստուծոյ վրայ վստահութիւնը։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/08/2020, 12:07