Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

«Տէր եթէ դուն կ՛ուզես կարող ես զիս բժշկել». Կիրակնօրեայ Մարեմեան աղօթքի խորհրդածութիւնը։

Աստուած արդարեւ կ՛ուզէ որ բոլոր մարդիկը փրկուին ու ճանչնան ճշմարտութիւնը։ Եւ այստեղէն է որ կը բխի Եկեղեցւոյ տիեզերական հորիզոնը. Ան կաթողիկէ է որովհետեւ չի նայիր միայն մի քանիներուն այլ առաքուած բոլոր մարդոց եւ կիներուն համար, համայն մարդկային ընտանիքին համար։ Ան բաց է բոլորին, առանց խտրականութեան։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 16 օգոստոս 20120-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանեց Հրեշտակ Տեառն Մարեմեան աղօթքը, որուն ընթացքին ներկայացուցած խորհրդածութիւնը կեդրոնացուց Մատթէոս Աւետարանիչէն քաղուած հատուածին վրայ (Մատթ 15, 21- 28) որ կը խօսի Քանանայի կնոջ հաւատքի մասին որ Քրիստոսէն պաղատագին հայցեց որ աղջիկը բժշկէ դիւահարութենէ։

Յիսուս սկիզբը անտեսեց զայն։ Կինը սակայն շարունակեց պնդել ու պնդել։ Վարդապետը առ այդ իր աշակերտներունը ըսաւ՝ թէ ինք ուղարկուած է Իսրայէլի տան կորուսեալ ոչխարներու մօտ, ապա կնոջ նորոգուած պնդումին դիմաց  պատասխանեց. «Լաւ չէ որ  մանուկներու հացը  տրուի շուներուն»: Այդ ժամանակը կինը պատասխանեց. «Այո՛, Տէ՛ր, սակայն շուներն ալ կը կերակրուին իրենց տիրոջ սեղանէն ինկած փշրանքներով»: Այս խօսերով այդ մայրը ցոյց տուաւ թէ լաւապէս ըմբռնած էր Ամենակալ Աստուծոյ բարութիւնը որ ներկայ Յիսուսին մէջ ու բաց է ամէն մէկ արարածի պահանջին։

Այս մէկը կը դպչի Յիսուսի սրտին որ Անոր կը պատասխանէ «Ո՛վ կին, մեծ է քու հաւատքդ, թող քու կամքիդ համաձայն ըլլայ»։

Վեհանձն հաւատքը այն հաւատքն է որ վէրքերով  յատկանշուած սեփական պատմութիւնը կը դնէ Տիրոջ ոտքին, Անորմէ խնդրելով որ բուժէ զայն։

Մեզմէ իւրաքանչիւրս ունի սեփական պատմութիւն մը ու շատ անգամ դժուար պատմութիւն լի ցաւերով, փորձանքներով եւ մեղքերով։ Ի՞նչ ընելու եմ ես այդ պատմութեամբ։ Պէտք զայն տանիմ Տիրոջ առջեւ եւ ըսեմ. «Տէր եթէ դուն ուզես կարող ես զիս բժշկել»։ Ահա այս է այն ինչ որ մեզի կը սորվեցնէ այս կինը. Քաջութիւնը մեր սեփական ցաւի պատմութիւնը տանիլ Աստուծոյ առջեւ, Յիսուսին առջեւ, դպչիլ Աստուծոյ քնքշութեան։

Երթանք Յիսուսին թակենք անոր սրտին եւ ըսենք « Տէր եթէ դուն ուզես կարող ես զիս բժշկել»։ Այս մէկը կարող պիտի ըլլանք ընել երբ մեր հետ ունենանք Յիսուսին դիմագիծը, երբ հասկնանք թէ ինչպէս է Քրիստոսին սիրտը՝ կարեկցող սիրտ, որ իր վրայ կ՛առնէ մեր ցաւերը, մեր մեղքերը, մեր սխալները ու մեր ձախողութիւնները։

«Սիրտ մը՝ որ մեզ կը սիրէ այնպէս ինչպէս որ ենք»,  ըսաւ ապա Քահանայապետը  դարձեալ նորոգելով իր հրաւէրը մեր հետ ունենալու փոքր գրպանի Աւետարան, «ուր կարող ենք գտնել Յիսուսը» յարեց ան ապա հայցեց  Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, որպէսզի ամէն մէկ մկրտեալի մէջ աճի հաւատքի ուրախութիւնը եւ իղձը զայն հաղորդելու ուրիշներուն, հետեւողական կեանքի մը վկայութեամբ, որ մեզի պարգեւէ քաջութիւնը մօտենալու Յիսուսին ու անոր ըսելու « Տէր եթէ դուն ուզես կարող ես զիս բժշկել»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/08/2020, 12:08