Որոնել

«Մեր կեանքը  ծնունդ առած է Հօր Աստուծոյ սէրէն»։ «Մեր կեանքը ծնունդ առած է Հօր Աստուծոյ սէրէն»։  

Ֆրանչիսկոս Պապին 3 Յուլիսի թուիթը. «Մեր կեանքը ծնունդ առած է Հօր Աստուծոյ սէրէն»։

Թուիթին պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան 2020-ի քառասնորդացի պատգամէն, որուն բնաբանն էր՝ «Կ՛աղաչենք ձեզի յանուն Քրիստոսի՝ հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ (Կորընթ. Գլ. 5,20).»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

«Քրիստոնեային ուրախութիւնը ծնունդ կ՛առնէ ունկնդրութենէն եւ Յիսուսի մահուան եւ յարութեան Բարի Լուրի ընկալումէն։ Ան որ կը հաւատայ այդ աւետիսին գիտէ թէ մեր կեանքը  ծնունդ առած է Հօր Աստուծոյ սէրէն» այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 3 Յուլիսին հրապարակած թուիթը, որուն պարունակութիւնը քաղուած է Նորին Սրբութեան 2020-ի քառասնորդացի պատգամէն, որուն բնաբանն էր՝ Սուրբ Պօղոսի Կորնթացիներու ուղղած երկրորդ նամակէն քաղուած սոյն հատուածը  «Կ՛աղաչենք ձեզի յանուն Քրիստոսի՝ հաշտուեցէք Աստուծոյ հետ (Գլ. 5,20).»։

Այդ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապը զգուշացուցած էր հաւատացեալները «սուտին հայրի» ձայնին մտիկ ընելու վտանգէն, «որ մեզ կը մղէ մխրճուելու անհեթեթութեան անդունդին մէջ, այս աշխարհին վրայ ապրելով գեհենը», այս ուղղութեամբ հաւատացեալները հրաւիրելով ապաշխարութեան ու դարձի, հետեւելով Աստուծոյ ձայնին ու Անոր պատուէրներն։

«Զատկուայ խորհուրդը  մեր կեանքի կեդրոն ընտրելր կը նշանակէ  գթութիւն արտայայտել Քրիստոսի վէրքերուն համար, որոնք ներկայ են պատերազմներու բազմաթիւ անմեղ զոհերուն մէջ, կեանքի չարաշահումներու զոհ անձերուն մէջ, նորածինէն  մինչեւ տարեցը, բռնութիւններու տարբեր ձեւերու թիրախ եղած մարդոց մէջ, բնական աղէտներուն մէջ, ու երկրի բարիքներուն անհաւասար բաշխումի մէջ, ինչպէս նաեւ մարդավաճառութեան երեւոյթին ներքոյ ու շահ դիզելու անծայրածիր ծարաւին մէջ» գրած էր Սրբազան Պապը պատգամին մէջ կարեւոր նկատելով որ այսօր եւս կոչ ուղղուի բարի կամք ունեցող մարդոց ու կիներուն, իրենց սեփական բարիքները ողորմութեան միջոցաւ կիսելու կարիքաւորներուն հետ, որպէս անձնական մասնակցութիւն՝ աւելի հաւասար աշխարհ մը կերտելու համար ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/07/2020, 13:30