Որոնել

Յուլիս ամսուան առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը. «Մեր ընտանիքները»։

Ֆրանչիսկոս Պապ մտահոգ է ընտանիքներուն ներկայ կացութեամբ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

«Պապին աղօթքի Համաշխարհային ցանց» կազմակերպութիւնը հրապարակեց յուլիս ամսուան  Քահանայապետին առաքելական աղօթքի դիտաւորութիւնը՝  նուիրուած ընտանիքներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Այս առնչութեամբ «Պապին աղօթքի համաշխարհային ցանց» կազմակերպութեան հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ կը նշուի, որ ֆրանչիսկոս Պապ շատ մտահոգ է ընտանիքներուն դիմագրաւած դժուարութիւններով եւ ասոր համար պետութիւններէն կը խնդրէ, որ թիկունք կանգնին ընտանիքներուն՝ ընկերկացելով անոնց գորովով, յարգանքով ու խրատներով։

«Պապի աղօթքի համաշխարհային ցանց» կազմակերպութեան հաղորդագրութեան մէջ նշուած է.

«Այսօրուան ընտանիքներուն իրականութիւնները, տարբեր են անցեալէն։ Ընտանիքները ներգրաւուած են մշակոյթի մը մէջ՝ ուր քիչ ժամանակ ունին։ Շատ աշխատանքը, երբեմն կը սահմանփակէ համակեցութեան վայրը եւ շատ մը պարագաներու՝ թուայնային կապը կը տկարացնէ ընտանեկան հարազատ կապերը։ Շատ մը ընտանիքներ մինակ կը զգան ու կը տառապին լռութեան մէջ։ Համաճարակի այս դժուար օրերուն, կը շարունակենք ականատես ըլլալ ընկերային տնտեսական հետեւանքներուն, ինչպէս աշխատանքի պակաս կամ բնակարանի մը ապահովութիւնը։ Արդարեւ՝ ակնյայտ դարձաւ այն իրողութիւնը որ,  ըլլայ անհատները, ըլլայ  ընկերութիւնը չեն կրնար նկատի չ՝առնել ընտանիքները։ Ասոր համար պետութիւնները պէտք են, որ թիկունք կանգնին ընտանիքներուն, պաշտպանելով զանոնք։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ, յուլիս ամսուայ աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ կ՝ընդգծէ, որ ընտանիքներու դիմագրաւած դժուարութիւններուն շարքին աւեցուած են նաեւ առօրեայ համակեցութեան հետ կապուած խնդիրներ, դիտել տալով, որ երբեմն՝ ընտանիքները կը մոռնան խաղալ իրենց զաւակներու հետ։ Արդարեւ քահանայապետը եկեղեցիէն կը խնդրէ, որ թիկունք կանգնի ընտանիքներուն քաջալերելով զանոնք ու օգնելով բացայայտելու՝  նոր ուղիներ, որոնք թոյլ կու տան շրջանցելու այդ բոլոր դժուարութիւնները։ Նշուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ յուլիս ամսուան աղօթքի դիտաւորութեան տեսերիզին մէջ կ՝ըսէ.

«Ընտանիքը պաշտպանուելու պէտք ունի։ Դիմագրաւած վտանգները բազմաթիւ են. կեանքի ընթացքն  ու «սթրէս»ը։
Երբեմն ծնողները կը մոռնան խաղալ իրենց զաւակներուն հետ։

Եկեղեցին պէտք է ,որ քաջալերէ ընտանիքները ու անոնց կողքին կանգնի օգնելով անոնց բացայայտելու՝ բոլոր դժուարութիւնները շրջանցելու ուղիները։

Աղօթենք, որպէսզի այսօրուան ընտանիքները առաջնորդուին  սիրով, յարգանքով ու խրատով , յատուկէն,  որպէսզի պաշտպանութիւն գտնեն պետութիւններուն կողմէն։»

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

02/07/2020, 17:00