Որոնել

Ֆրանչիսկոս Պապը Լամփետուզայի մէջ Ֆրանչիսկոս Պապը Լամփետուզայի մէջ 

Լամփետուզա. 7 տարիներ ետք՝ Քահանայապետի պատարագը Սանթա Մարթայի մէջ։

8 յուլիս 2020-ին կը լրանայ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Վատիկանի սահմաններէն դուրս կատարած հովուական առաջին այցելութեան եօթներորդ տարեդարձը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

2013-ի յուլիս 8-ին, Սրբազան Քահանայապետը իր քահանայապետութեան առաջին այցը յատկացուցած էր Իտալիոյ հարաւը գտնուող Լամփետուզա կղզիին, որ վերջին տարիներուն դարձած է փախստականներու եւ գաղթականներու կեդրոնատեղի ու նրբանցք դէպի Եւրոպա։ 

Ան անակնկալ կերպով որոշած էր այդ այցելութիւնը կատարել՝ աղօթելու համար տեղահանութեան զոհերուն դիտաւորութեան ու յատկապէս Ափրիկէէն նաւաբեկուած արտագաղթի դիմող բազմաթիւ զոհերուն համար, որոնք իրենց կեանքը կորսնցուցին միջերկրական ծովուն ջուրերուն մէջ։

Այս հովուական այցելութեան եօթներորդ դարձդարձին առթիւ Նորին Սրբութիւնը Չորեքշաբթի՝ 8 յուլիս 2020-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Պատարագ պիտի մատուցէ Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն միայն Մարդկային Համապարփակ Զարգացումի ծառայութեան բաժանմունքի գաղթականներու եւ փախստականներու գրասենեակի անձնակազմը, ինչպէս կը նշէ հասարակած հաղորդագրութեան մը մէջ՝ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ գրասենեակը ակնարկելով թէ «սուրբ զոհին մասնակցութիւնը սահմանափակուած է ի տես առողջապահական ճգնաժամին»։

Իր ընտրութեան առաջին օրէն իսկ Ֆրանչիսկոս Պապը յատուկ ուշադրութեամբ հետեւեցաւ ու կը շարունակէ  հետեւիլ գաղթականութեան երեւոյթին եւ առիթ չի կորսնցներ համայն աշխարհին յիշեցնելու թէ գաղթականներն ու փախստականները, մեզի նման անձեր են, եւ ունին իրենց իւրայատուկ արժանապատուութիւնը եւ մարդկայնական իրաւունքներ՝ որոնցմէ ամէնէն սուրբը`  կեանքն է։

Սրբազան Քահանայապետը իր բազմաթիւ հանդիպումներու, հրապարակային ունկնդրութիւններու ու միջազգային ճամբորդութիւններու ընթացքին ունեցած ելոյթներուն մէջ, յաճախ դատապարտած է ''անտարբերութեան մշակոյթը'' ու առաջարկած է  փախստականներուն մօտենալ  ''անհաշիւ, աներկիւղ, գթարար ու հասկացողի ոգիով''։

Քահանայապետը չէ թերացած իր ձայնը լսելի դարձնելու նաեւ  ''պատասխանատու իշխանութիւններուն'' հրաւիրելով զանոնք  ''աւելի քաջութեամբ ու վեհանձնութեամբ օգնութեան հասնելու փախստականներուն''։

8 Յուլիս 2013-ին Լամփետուզա կատարած այդ յոյսի այցի ընթացքին որ  մնաց քանդակուած պատմութեան սքանչելի էջերուն մէջ, 10 հազար հոգիներու ներկայութեամբ գլխաւորեց սուրբ պատարագը որուն ընթացքին  արտասանած քարոզին մէջ Սրբազան Քահանայապետը յստակօրէն դատապարտեց ''անտարբերութեան համաշխարհայնացումը''։

Աստուծմէ հայցենք որ ջնջէ անտարբերութիւնը մեր սրտերէն, Աստուծմէ հայցենք շնորհքը լալու մեր անտարբերութեան վրայ, աշխարհի անգթութեան ու անոնց համար որոնք ընկերա-տնտեսական որոշումներով ճանապարհը կը հարթեն ողբերգութեան – ըսած էր ֆրանչիսկոս Պապը որ քարոզը եզրափակած էր աղօթքով. ''Տէր, այս ծիսակատարութեամբ, որ ապաշխարութեան ծիսակատարութիւն է, ներում կը խնդրենք մեր եղբայրներուն ու քոյրերուն նկատմամբ մեր ցուցաբերած անտարբերութեան համար։'' 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

06/07/2020, 14:30