Որոնել

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին եղբօր՝ Գերպ. Կէորկ Ռացինկերի յուղարկաւորութիւնը Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին եղբօր՝ Գերպ. Կէորկ Ռացինկերի յուղարկաւորութիւնը 

Պենետիկտոս ԺԶ վաստակաւոր Պապին պատգամը՝ իր եղբօր Գերպ. Կէորկ Ռացինկերի յուղարկաւորութեան առիթով։

Կէորկ Ռացինկեր «Աստուծոյ մարդ մըն էր։ Եթէ նոյնիսկ իր բարեպաշտութիւնը ցոյց չէր տար, սակայն բարեպաշտութիւնը՝ զգաստ եւ անկեղծ կերպով մաս կը կազմէր անոր կեանքի էութեան։»

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Չորեքշաբթի 8 յուլիսին, Պենետիկտոս ԺԶ. Պապ պատգամ մը յղած է իր եղբօր Գերպ. Կէորկ Ռացինկերի յուղարկաւորութեան առիթով, որ կատարուած է Ռեկենսպուրկի մէջ։ Պատգամը կարդացած է Արքեպս. Կէորկ Կէնզվայն։

Ունկնդրէ լուրը

Պենետիկտոս Վաստկաւոր Պապ իր խօսքը կ՚ուղղէ Ռեկենսպուրկի եպիսկոպոս Ռուտոլֆ Ֆոտերհոլցերի, ապահովցնելով ,թէ իր եղբօր յուղարկաւորութեան ինք ներկայ է հոգեպէս եւ շնորհակալութիւն կը յայտնէ անոր վերջին շաբաթներուն ցուցաբերած ընկերակցութեան համար։

Ապա Պենետիկտոս Պապ կը յիշէ թէ այս օրերուն ստացած է բազմաթիւ ցաւակցականներ զանազան երկիրներէ, աւելցնելով թէ իրեն կը պակսի ոյժը եւ ժամանակը կարենալ պատասխանելու իւրաքանչիւրին։

Վաստակաւոր Պապը կը յիշէ իր եղբօր յատկութիւնները, նախ մատնանիշ ընելով թէ ան իր քահանայական կոչումը ընկալած էր միաժամանակ իբր երաժշտական կոչում։ Արդէն դպրոցական տարիներուն կատարած էր իր առաջին քայլերը խորանալով եկեղեցական երաժշտութեան մէջ։ Ապա անոր կեանքը բնորոշուած էր այդ հետաքրքրութեամբ։ Երբ ապագային Ռեկենսպուրկի մայր տաճարի եկեղեցական երաժշտութեան ղեկավար կը նշանակուէր, ան կը լեցուէր ուրախութեամբ եւ միաժամանակ ցաւով, որովհետեւ անոր մայրը կը մահանար այդ ժամանակամիջոցին։

Կէորկ Ռացինկերի համար երաժշտական իր կոչումը միշտ աւելի ուրախութեամբ կը համակէր զինք, որուն հետ կապուած էր նաեւ տառապանքը, մանաւանդ սկզբնական շրջանին՝ թշնամութիւններու եւ մերժումի հետեւանքով։ Շատերու համար ան կը նկատուէր հայր մը։ Այդ անհատները միշտ իր կողքին մնացին։ Պենետիկտոս ԺԶ. Վաստակաւոր Պապը շնորհակալութեան խօսքը կ՚ուղղէ նաեւ այդ անհատներուն եւ կը յիշէ իր եղբօր յատկանշական այլ կէտ մը։ Կէորկ Ռացինկեր զուարթ եւ զուարճախօս նկարագրի, արարչագործութեան բարիքներու հանդէպ ունեցած ուրախութեան կողքին ուղիղ խօսքի մարդ էր, որ բացայայտօրէն իր համոզումը կ՚արտայայտէր։ Ան քսան տարի ապրած էր աչքի ծաւալուն կուրութեամբ, եւ մասամբ դուրս լքուած էր իրականութենէն։ Այդ զրկանքը ծանր էր անոր համար, սակայն ներքնապէս համոզուած էր այդ վիճակին եւ տոկացած էր։

Վաստակաւոր Պապը կը փակէ իր պատգամը ըսելով. Կէորկ Ռացինկեր «Աստուծոյ մարդ մըն էր։ Եթէ նոյնիսկ իր բարեպաշտութիւնը ցոյց չէր տար, սակայն բարեպաշտութիւնը՝ զգաստ եւ անկեղծ կերպով մաս կը կազմէր անոր կեանքի էութեան։ Վերջապէս կ՚ուզեմ շնորհակալ ըլլալ այն բանին համար, որ անոր կեանքի վերջին օրերուն կրկին անոր հետ ըլլալու առիթն ունեցայ։ Ան չէր խնդրած իմ այցելութիւնս։ Սակայն կը զգայի, որ ժամը հասած էր, որ անգամ մը եւս անոր երթայի։ Խորապէս շնորհակալ եմ այս ներքին նշանին համար, որ Տէրը ինծի շնորհեց։ Երբ երկուշաբթի, 22 յունիսին առաւօտեան հրաժեշտ առի անկէ, գիտէինք, որ այս աշխարհի վրայ վերջին հրաժեշտը պիտի ըլլար։ Սակայն գիտէինք նաեւ որ բարին Աստուած, որ մեզի շնորհած էր այդ հանդիպումը այս աշարհի մէջ, կ՚իշխէ անդենականին մէջ եւ մեզի այնտեղ պիտի պարգեւէ միասին ըլլալու շնորհքը։ Կրկին շնորհակալութիւն քեզի սիրելի եպիսկոպոս Ռուտոլֆ այն արտակարգ ճիգերուն համար, որ ցուցաբերեցիր այս շաբաթներուն մէջ, որ մեզի համար դժուարին ժամանակ մըն էր։ Սրտանց, Պենետիկտոս ԺԶ.»։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/07/2020, 14:40