Որոնել

Մարեմեան աղօթք Մարեմեան աղօթք 

Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը անյապաղ դադրեցնելու Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ զինեալ բախումները։

Մինչ աղօթքներս կը վստահեցնեմ բախումներու ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած անձերու ընտանիքներուն մաղթանք կը յայտնեմ՝ որ միջազգային հասարակութեան յանձնառումով եւ երկխօսութեան ու կողմերու բարի կամքի միջոցաւ, կարելի ըլլայ յանգիլ մնայուն խաղաղ լուծումի մը որուն նպատակը ըլլայ այդ սիրելի ժողովուրդներուն բարիքը»։
Ֆրանչիսկոս Պապին կոչը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 19 Յուլիս 2020-ին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը՝ կիրակնօրեայ Մարեմեան Աղօթքի աւարտին, Սուրբ Պետրոսի հրապարսպին վրայ համախմբուած հաւատացեալներուն ուղղած իր ողջոյնի խօսքին մէջ դարձեալ վերյիշելով  ՄԱԿ-ի ընդհանուր զինադադարի կոչը, յատուկէն յիշեց Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղի ունեցող զինուորական բախումները ու կոչ ուղղեց անոնց դադրեցումին համար։ 

«Այս ժամանակահատուածին ուր համաճարակը ետքայլ չընէր, կ՛ուզեմ իմ մօտիկութիւնս վստահեցնել բոլոր անոնց որոնք կը դիմագրաւեն հիւանդութիւնը եւ անոր տնտեսական ու ընկերային հետեւանքները։ Միտքս յատկապէս կ՛երթայ այն ժողովուրդներուն որոնց տառապանքը ծանրացաւ բախումներու իրավիճակի պատճառաւ։ ՄԱԿ-ի ապահովական Խորհուրդի որդեգրած վերջին մէկ բանաձեւի հիման վրայ կը վերանորոգեմ ընդհանուր եւ անմիջական զինադադարի կոչս, որպէսզի առիթ տրուի խաղաղութեան։ Առիթ տայ խաղաղութեան եւ ապահովութեան որոնք անհրաժեշտ են մարդասիրական օգնութիւններ մատուցելու համար» ըսաւ Սրբազան Պապը եւ աւելցուց.

«Յատուկէն եւ մտահոգութեամբ կը հետեւիմ անցեալ օրերուն Կովկասի տարածաշրջանին մէջ զինեալ բախումներու սրացումին, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ։ Մինչ աղօթքներս կը վստահեցնեմ բախումներու ընթացքին իրենց կեանքը կորսնցուցած անձերու ընտանիքներուն մաղթանք կը յայտնեմ՝ որ միջազգային հասարակութեան յանձնառումով եւ երկխօսութեան ու կողմերու բարի կամքի միջոցաւ, կարելի ըլլայ յանգիլ մնայուն խաղաղ լուծումի մը որուն նպատակը ըլլայ այդ սիրելի ժողովուրդներուն բարիքը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

19/07/2020, 12:23