Որոնել

«Ս. Սոֆիային կը մտածեմ եւ կը ցաւիմ». Ֆրանչիսկոս Պապ

Մարեմեան աղօթքի աւարտին Քահանայապետը յատուկէն յիշեց Ծովի Միջազգային օրը եւ ծովի վրայ աշխատողները։

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 12 Յուլիս 2020-ի կէսօրին իր գրասենեակի պատուհանէն արտասանած Մարեմեան  աղօթքի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յիշեցուց՝ որ այսօր, Յուլիսի երկրորդ կիրակիին առթիւ, կը նշուի Ծովուն Միջազգային Օրը եւ այս առընչութեամբ յատուկ սիրալիր ողջոյն մը ուղղեց բոլոր անոնց՝ որոնք կ՛աշխատին ծովուն մէջ, «յատկապէս անոնց՝որոնք հեռու են իրենց երկրէն եւ հարազատներէն», ըսաւ Քահանայապետը եւ յատուկէն ակնարկելով Ս. Սոֆիային, որ Թուրքիոյ նախագահի որոշումով դարձեալ մզկիթի վերածուեցաւ, ըսաւ.  «ծովը զիս մտածումով աւելի հեռու կը տանի՝ Իսթանպուլ։ Ս. Սոֆիային կը մտածեմ եւ կը ցաւիմ։ Ան ապա այլ ողջոյններու շարքին յիշեց Հռոմի Թեմին կղերական եւ աշխարհական դասի անդամները որոնք համաճարակի այս ժամանակին մօտիկ եղան հիւանդներուն։ Ան ապա  բոլորին մաղթեց բարի կիրակի խնդրելով որ չի մոռնան աղօթելու իրեն համար։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/07/2020, 12:43