Որոնել

Աղօթքի մասին Զորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը. «Դաւիթին աղօթքը»։

Դաւիթ մեզի կը սորվեցնէ ամէն բան ներփակել Աստուծոյ հետ երկխօսութեան մէջ, ուրախութիւնն ու յանցանքը, սէրն ու տառապանքը, բարեկամութիւնն ու հիւանդութիւնը։
Ունկնդրէ լուրը

Քեզ կը սիրեմ Տէր, իմ ուժս, իմ ժայռս, իմ բերդս, իմ փրկիչս, իմ վահանս, իմ հզօր փրկութիւնս ու պաշտպանս: [...] Տէր դուն լոյս կ՛ընծայես իմ ճրագիս, իմ Աստուածս կը լուսաւորէ խաւարը. […] Աստուածը որ ինձ զարդարեց եռանդով ու իմ ուղեւորութիւնս դարձուց անվտանգ

Ռոպէր Աթթարեան - Վաատիկան

24 Յունիս 2020-ի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը առաքելական պալատի մատենադարանէն գլխաւորեց ուղիղ եթերով սփռուած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ընդհանուր ունկնդրութիւնը, որուն առթիւ շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները խօսեցաւ Դաւիթի աղօթքի մասին։

Այսօր, ըսաւ Սրբազան Պապը, մեր աղօթքի մասին ճանապարհորդութեան ընթացքին կը հանդիպինք Դաւիթ Թագաւորին։ Մանուկ հասակէն Աստուծմէ սիրուած, կ՛ընտրուի եզակի մէկ առաքելութեան մը համար, որ կեդրոնական տեղ պիտի գրաւէ Աստուծոյ ժողովուրդի պատմութեան ու մեր նոյնինքն հաւատքին մէջ։  Աւետարաններուն մէջ Յիսուս բազմաթիւ անգամներ կոչուած է «Որդի Դաւթի»։ Արդարեւ Ան Դաւիթի նման կը ծնի Բեթղեհէմի մէջ եւ ըստ խոստումին՝ Մեսիան պիտի գար Դաւիթի տոհմէն։

Դաւիթին պատմութիւնը կը սկսի Բեթղեհէմի մօտակայքը գտնուող բլուրներուն վրայ, ուր ան կ՛արածէ իր հօր Յեսսէի ոչխարները։  Ան ամենափոքր զաւակն էր եւ երբ Սամուէլ մարգարէն՝ Աստուծոյ հրամանով կը դիմէ Դաւիթին հօրը,  ընտրելու համար նոր թագաւորը, հայրը գրեթէ չի մտածեր իր այդ փոքրիկ զաւկի մասին, որ կը գտնուէր բաց երկնքի տակ, որպէս միակ բարեկամ ունենալով իր հոգին, ուր առանձնութեան մէջ կը սիրէր նուագել ու փառաբանել իր Աստուածը։

Դաւիթը նախ եւ առաջ հովիւ մըն է. Մարդ՝ որ հոգ կը տանի անասուններուն, զանոնք կը պաշտպանէ վտանգներէն, ու կը հոգայ անոնց պէտքերուն։

Երբ Դաւիթ Աստուծոյ կամքով պիտի ստիպուի հոգ տանիլ ժողովուրդին պիտի շարունակէ նոյն վարուելակերպը ունենալ։ Ասոր համար է որ  հովիւի պատկերը յաճախ կը կրկնուի աստուածաշունչին մէջ եւ Յիսուս եւս որակուած է որպէս «բարի հովիւ», որ իր կեանքը կու տայ ոչխարներուն համար, զանոնք կ՛առաջնորդէ եւ մէկիկ մէկիկ կը ճանչնայ զանոնք (Յովհ 10, 11-18)

Դաւիթ շատ բաներ սորվուեցաւ իր առաջին արհեստէն եւ երբ Նաթան մարգարէն կը յանդիմանէ զինք՝ իր գործած ծանր մեղքին համար, Դաւիթ շուտով կը հասկնայ՝ որ գէշ հովիւ մը եղաւ եւ ուրիշ մարդէ մը կողոպտեց իր սիրած միակ ոչխարը, ու թէ ինք հեզ ու խոնարհ ծառայ մը չէ, այլ իշխանութեան ծարաւն ունեցող հիւանդ ու որսագող մը, որ կը սպանէ եւ կը թալանէ։

Դաւիթի այլ յատկութիւններէն մին բանաստեղծական հոգի ունենալն է։  Ան արդարեւ զգայուն անձ մըն է որ կը սիրէ երաժշտութիւնն ու երգը, որով ուրախութեան օրհներգեր կը բարձրացնէ առ Աստուած որ յաճախ նաեւ ողբի կը վերածուի խոստովանելու համար իր մեղքերը։

Անոր հայեացքը երեւոյթներէն անդին՝ աշխարհին մէջ կը տեսնէ աւելի մեծ խորհուրդ մը, եւ աղօթքը կը ծնի ճիշտ այնտեղէն, այն համոզումէն՝ թէ կեանքը սքանչելի խորհուրդ է, որ մեր մէջ կ՛արթնցնէ բանաստեղծութիւնը, երաժշտութիւնը, փառաբանութիւնը, երախտագիտութիւնը ու նաեւ ողբն ու աղերսը։

Աւանդութեան համաձայն  Դաւիթը սաղմոսներուն հեղինակն է։ Ու Դաւիթ ունի մեծ երազ մը՝ ըլլալ բարի հովիւ։ Շատ անգամ Ան պիտի յաջողի իր այդ պարտականութեան մէջ եւ ուրիշ անգամներ նուազ յաջող կերպով պիտի կատարէ զանոնք. Փրկութեան պատմութեան ոլորտէն ներս սակայն կարեւորը այն է՝ որ Դաւիթ մարգարէ եղաւ այլ Թագաւորի մը, որուն համար եղաւ պարզապէս աւետիս։

Սուրբ եւ մեղաւոր, հալածուած եւ հալածիչ, զոհ եւ մարդասպան։ Դաւիթը եղաւ այս բոլորը։ Ու մենք եւս՝ անոր նման, կեանքի ընթացքին կ՛ապրինք իրար հակասող իրողութիւններ։ Դաւիթի կեանքին մէջ սակայն կայ կարմիր օղակ  մը որ ամէն բան իրարու կը միացնէ. Անոր աղօթքը։

Այն ձայնը որ երբեք չի մարիր։ Ըլլայ ուրախութեան, ըլլայ ողբի պարագային, կը մնայ միշտ նոյն աղօթքը։ Եւ Դաւիթ մեզի կը սորվեցնէ ամէն բան ներփակել Աստուծոյ  հետ երկխօսութեան մէջ, ուրախութիւնն ու յանցանքը, սէրն ու տառապանքը, բարեկամութիւնն ու հիւանդութիւնը։ Ամէն ինչ կարող է դառնալ խօսք՝ ուղղուած այն «Դուն» ին, որ միշտ մեզի մտիկ կ՛ընէ։ 

Դաւիթը որ ճանչցաւ առանձնութիւնը իրականութեան մէջ երբեք մինակ չէ եղած։ Որովհետեւ աղօթքի զօրութիւնը կարող է ապահովեցնել Աստուծոյ հետ փոխյարաբերութիւնը, որ մարդու ճանապարհորդութեան իսկական ընկերն է, կեանքի հազար ու մէկ դժուարութիւններուն մէջ։

Աղօթքը ազնւութիւն կը պարգեւէ։ Շնորհակալ եմ քեզի Տէր. Վախի մէջ եմ Տէր։ Օգնէ ինծի Տէր։ Ներէ ինծի Տէր։ Դաւիթի վստահութիւնն այնքան մեծ է, որ երբ  հալածանքի ենթարկուած է եւ ստիպուած է  փախչել, ան որևէ մէկուն չ՛արտօներ որ  զինք պաշտպանէ. «Եթէ իմ Աստուածս կ՛ուզէ այսպէս նուաստացնել զիս Ինք գիտէ ինչու»։ Արդարեւ աղօթքի ազնուականութիւնը մեզ կը դնէ Աստուծոյ ձեռքերուն մէջ: Այդ ձեռքերը որոնք վիրաւոր են սիրով, միակ ապահով ու անվտանգ ձեռքերը, որոնք մենք ունինք:։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/06/2020, 09:43