Որոնել

Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի տաճարը Հռոմի Լատերանեան Սուրբ Յովհաննէսի տաճարը 

Ֆրանչիսկոս Պապ ստեղծեց նոր հիմնադրամ մը դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն եւ աշխատաւորներուն համար։

Հիմնադրամին նպատակն է աջակցիլ Քորոնա Ժահրի Համավարակի հետեւանքով դժուարութեան մէջ ապրող հաւատացեալներուն։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Պապ  Հռոմի թեմի տեղակալ Արքեպիսկոպոս՝ Կարդինալ Անճելօ Տէ Տոնաթիսիին ուղղած նամակով մը, տեղեկացուց, թէ ստեղծեց «Յիսուս Աստուածային աշխատաւոր» անուամբ հիմնադրամ մը, որ որպէս նիւթական առաջին նպաստ՝ մէկ միլոն եւրօ յատկացուցած է Հռոմի թեմի Քարիթասին, աջակցելու համար Հռոմի թեմէն ներս համավարակի թիրախ դիւրաբեկներուն։

Ունկնդրէ լուրը

Նորին Սրբութիւնը նամակին մէջ գրեց, թէ Հիմնադրամին նպատակն է պաշտպանել ժամանակաւոր պայմանագիրով աշխատաւորներուն, տնային ինչպէս նաեւ  անձնական հաշւոյն աշխատող գործաւորներուն աշխատանքի արժանապատուութիւնը, յատուկէն ամենէն շատ վնաս կրող գործատեղիներուն աշխատաւորներունը, դիտել տալով որ անոնցմէ շատեր ընտանիքի հայրեր ու մայրեր են, որոնք կը պայքարին իրենց զաւակներուն նուազագոյնը ապահովուելուն համար։

Նամակին մէջ ֆրանչիսկոս Պապ նկատել կու տայ որ «մեր օրերուն բազմաթիւ մարդիկ ջանք չեն խնայած օգնելու համար տկարներուն, եւ ասոր փաստ է նուիրատուութիւններուն թիւի աճը, հիւանդներուն, աղքատներուն հոգ տանող հաւատացեալներուն թիւը,  ինչպէս նաեւ Հռոմէացիները իրենց տուներուն պատշգամէն բժիշկներուն ցուցաբերած զօրակցութեան ժեսթերը՝  ծափահարութիւններու միջոցաւ»։

Առ այդ Ֆրանչիսկոս Պապ Հիմնադրամինն ստեղծումը հիմնական քայլ նկատած է կիսելու համար դիւրաբեկներուն անձկութիւնները, ընկերանալով անոնց՝ եղբայրսիրական գործունէութիւններով  եւ համագործակցելով հռոմի քաղաքացիական տնտեսական, ընկերային հաստատութիւններու հետ,  խնդրելով այս վերջիններէն իրականացնել այդ բոլոր բարի առաջարկները՝  Հռոմ քաղաքի բարիքին համար։

Ֆրանչիսկոս Պապ նամակին աւարտին քահանաներէն կը խնդրէ ու կը քաջալերէ, որ իրենք ըլլան առաջին նպաստողները իր հիմնած հիմնադրամին, ապա հռոմէացիներէն կը հայցէ  չբաւարարուիր կիսելով լոկ մակերեսային բաներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

09/06/2020, 12:39