Որոնել

Սուրբ Անտոն Փատովացի Սուրբ Անտոն Փատովացի 

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը Սուրբ Անտոն Փատովացիի ֆրանչիսկեան միաբանութեան հիմնադրութեան 8-րդ դարադարձի առիթով։

Ֆրանչիսկոս Պապ մաղթեց որ սոյն տօնախմբումը բոլորին մէջ յարուցանէ Սուրբ Անտոն Փատովացիի Աւետարանը վկայելու միեւնոյն խանդավառութիւնը։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Սուրբ Անտոն Փատովացիի ֆրանչիսկեան միաբանութեան հիմնադրութեան 8-րդ դարադարձի առիթով, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Պապը շնորհաւորական նամակ մը գրեց նշեալ միաբանութեան ընդհանուր մեծաւոր, Հայր Քարլոս Ալպերթօ Թրովարելիին։

Ունկնդրէ լուրը

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը մաղթեց, որ ֆրանչիսկեան կրօնաւորներուն եւ աշխարհի ամէն կողմ գտնուող Սուրբ Անտոնի նուիրեալներու մէջ սոյն դադադարձը առիթ հանդիսանայ, բոլորին մէջ հրահրելու Սուրբ Անտոնի միեւնոյն խանդավառութիւնը, որ Սուրբը առաջնորդեց աշխարհի ուղիներուն վրայ,  Աւետարանը վկայելու՝ խօսքով , գործով եւ Աստուծոյ հանդէպ լի գորովով։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակին մէջ նկատել կու տայ, որ Սուրբ Անտոնի եղբայրսիրութեան օրինակը՝ աղքատներուն, անտէրներուն, դժուարութեան մէջ գտնուող ընտանիքներուն նկատմամբ , ինչպէս նաեւ Սուրբին ճշմարտութեան եւ արդարադատութեան հանդէպ գորովը, այսօր  եւս վեհանձն նուիրումի յանձնառութեան տիպար է մաղթելով, որ երիտասարդները հետեւին սուրբին այդ օրինակին։

Նորին Սրբութիւնը ապա իր  հոգեւոր մասնակցութիւնը ապահովուեց Սուրբ Անտոն Փատովացիի ֆրանչիսկեան միաբանութեան 800 ամեակի առթիւ կազմակերպուած հանդիսութիւններուն մասնակիցներուն,  քաջալերելով զանոնք  կրկնել Սուրբ Անտոնի խօսքը «Իմ Տէրս կը տեսնեմ» աւեցնելով, որ հարկաւոր է տիրոջ դէմքը տեսնել իւրաքանչիւր եղբայրներուն եւ քոյրերուն մէջ, բոլորին մխիթարութիւն, յոյս եւ հանդիպումի առիթ շնորհելով՝Աստուծոյ խօսքի միջոցաւ, որուն պէտք է խարսխել սեփական կեանքը։

Ֆրանչիսկոս Պապ շնորհաւորական նամակը աւարտեց յիշելով աւազանի անունով ֆերնանտօ երիտասարդը՝ ծնած Լիզպոնի մէջ եւ որ 1220 թուականին, իմանալով Մարոքի մէջ պատահած ֆրանչիսկեան հինգ կրօնաւորներուն սպանութեան լուրը, որոշեց կեանքը փոխել ։ Երիտասարդ ֆերնատնոն նախ Մարոք ժամանեց, հետեւելու համար հինգ ֆրանչիսկեաններուն հոգեւոր դարձի ուղեւորութեան, ապա  Սիկիլիա ժամանեց եւ հոն Աստուծոյ նախախնամութեամբ Սուրբ ֆրանչիսկոս Ասիզացիին հետ հանդիպեցաւ ապա հասաւ Փատովա քաղաք,  հիմնելով նոր միաբանութիւն մը։

«Փատովա»  քաղաքը, որ կը կրէ սուրբին անունը եւ որուն մէջ պահպանուած է Սուրբին մարմինը »գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2020, 09:13