Որոնել

Թոքերու շնչառական սարքեր։ Թոքերու շնչառական սարքեր։ 

Ֆրանչիսկոս Պապ շնչառական երկու սարքեր նուիրեց Էքուատորին։

Առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներու համաձայն, էքուատորի մէջ ցարդարձանագրուած են Քորոնա ժահրով վարակուած 47332 պարագաներ եւ կան 3929 զոհ։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Համաճարակի դէմ պայքարելու համար, ֆրանչիսկոս Պապը Էքուատորին նուիրեց երկու շնչառական սարքեր։ Այս մասին լուրը հաղորդեց Սուրբ Աթոռի մօտ Էքուատորի դեսպան տիար Խօսէ Լուիս Ալվարեզ Փալասիօն, տեղեկացնելով որ երկու շնչառական սարքերը արդեն  Վատիկանէն  ուղարկուած են եւ մօտ օրէն պիտի հասնին Էքուատոր։

Ունկնդրէ լուրը

Առողջապահութեան նախարարութեան վերջին տուեալներու համաձայն, էքուատորին մէջ ցարդ արձանագրուած են  Քորոնա ժահրով վարակուած 47332 պարագաներ եւ կան 3929 զոհ։

Արժանի է յիշել , որ Ֆրանչիսկոս Պապ համաճարակի դէմ պայքարելու համար շնչառական այլ սարքեր նուիրեց  ոչ միայն էքուատորին այլեւ այլ  պետութիւններուն,։

Անցեալ ապրիլ 23ին, ֆրանչիսկոս Պապ Սուրբ Գէորգ իր անուանակոչութեան տօնին առիթով, թոքերու շնչառական տարբեր սարքեր նուիրեց Իտալիոյ Լէչէ թեմին, Ռումանիոյ եւ Սպանիոյ։

18 ապրիլին, Նորին Սրբութիւնը շնչառական սարքեր  եւ դեղորայք ուղարկեց Սուրիոյ, Երուսաղէմի  եւ Կազայի մէջ կարգ մը հիւանդանոցներուն։

Մինչ՝ Իտալիոյ մէջ վիրուսի ամենէն շատ թիրախ դարձած Պերկամօ  քաղաքին ֆրանչիսկոս Պապ  նուիրեց 60 հազար Եւրօ եւ առողջապահական  այլ սարքեր ։

Նորին Սրբութիւնը իր աջակցութիւն բերաւ նաեւ  Քահանայապետական միսիոներական առաքելութիւններուն հիմնադրամին ստեղծման, նուիրելով 750 հազար տոլար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/06/2020, 10:55